Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` «ԱՐՏԱԴՐՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԸ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

January 20, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարարներ Մանսուր եւ Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ` քննարկելու համար «Արտադրող Լիբանանը» կարգախօսին լոյսին տակ երկու նախարարութիւններուն գործակցութիւնը:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Վ. Սապունճեան դրուատեց օտար երկիրներուն մէջ Լիբանանի դեսպաններուն կարողութիւնները` նկատել տալով միաժամանակ, որ իրենք դեսպաններէն խնդրած են տրամադրել այնպիսի տեղեկագիրներ, որոնց համաձայն նշուի, թէ տուեալ երկիրներուն շուկաներուն մէջ լիբանանեան ի՛նչ տեսակի արտադրութիւն կարելի է ծանուցել:

Նախարար Սապունճեան Մանսուրին ներկայացուց նաեւ երկու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան ծրագիր մը` որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ դիւրացնել լիբանանեան արտադրութեանց արտածումը:

Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը յայտարարած է «Արտադրող Լիբանանը» կարգախօսը, որովհետեւ Լիբանանը կրնայ ըլլալ արդիւնաբեր երկիր մը` նկատի ունենալով ամբողջ աշխարհի տարածքին գտնուող լիբանանեան հին ու նոր արտադրութիւնները:

«Հետեւաբար մենք կը փափաքինք, որ ճարտարարուեստի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները իրար ամբողջացնեն եւ օժանդակեն լիբանանեան արտադրութիւնները օտար շուկաներուն մէջ ծանուցելու», ըսաւ նախարար Սապունճեան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանան հռչակաւոր է իր գոհարեղէնի ճարտարարուեստով, սննդամթերքի, հագուստեղէնի, ելեկտրոնային կազմածներու եւ ելեկտրականութիւն արտադրող շարժակներու ճարտարարուեստներով:

Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան այցելեց նաեւ չափանիշերու եւ յատկանիշերու լիբանանեան հաստատութեան` «Լիպնոր»-ի կեդրոնը, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ հաստատութեան նախագահ Հապիպ Ղազիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է բարելաւել, աշխուժացնել եւ ամրապնդել «Լիպնոր»-ի աշխատանքն ու ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի քաղաքացիներուն առողջութիւնը, կենսոլորտի մաքրութիւնը եւ սպառողները:

 

Նախորդը

ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ՔԱՆԱԱՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.