Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքել Կը Զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Թրամփի, Փութինի Եւ Մաքրոնի Միացեալ Յայտարարութեան

October 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս հաղորդակցութեան  ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լարուածութեան մագլցումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Ուլրիքէ Տեմըր:

«Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող բախումներուն եւ զոհերու թիւի աճին նկատմամբ: Ան ընդգծած է, որ բոլոր կողմերը պէտք է անյապաղ դադրեցնեն զինուորական գործողութիւնները եւ վերսկսին բանակցութիւնները: Վարչապետը կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու 1 հոկտեմբերի յայտարարութեան», յայտնած է Տեմըր:

Մերքել նաեւ զօրակցած է հակամարտող կողմերու միջեւ մարդասիրական դադարի հաստատման շուրջ համաձայնութեան` մարտական գործողութիւններու գօտիէն զինուորներու դիակները դուրս բերելու համար:

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահներու Տեղակայման Հարցը Պէտք Է Քննարկել Մինսքի Խմբակի Կազմին Եւ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Յաջորդը

«Ռուսիան Իր Խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրնայ Տեղակայել Միայն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Համաձայնութեամբ» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.