Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Ընտանիքը Եզակի Միասնականութիւն Կը Ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Զախարովա

October 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային ընտանիքը այսօր կարծիքներու եզակի միասնականութիւն ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Պէտք է արժանին մատուցենք միջազգային ընտանիքին, որ շատ հազուադէպ ժամանակակից պայմաններու մէջ հաւաքուելու կարելիութիւն եւ ուժ կը գտնէ: Այս անգամ, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, թէ՛ ալ պետութիւններու ղեկավարներու, քաղաքական գործիչներու, հասարակական գործիչներու յայտարարութիւնները գրուած են, լաւ իմաստով, ինչպէս կրկնօրինակ: Ասիկա կ՛ուրախացնէ», յայտարարած է Զախարովա:

Զախարովա նշած է, որ միջազգային ընտանիքը կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ վերականգնելու զինադուլի դրութիւնը, վերադառնալու քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքեր ներդրելուն եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ երկխօսութեան` «այս արդէն շատ երկարատեւ խնդիրը լուծելու համար»:

«Այլ տարբերակ չկայ, բացի քաղաքական-դիւանագիտական խաղաղ լուծումէն, ատիկա հաստատուած է տարիներու ընթացքին կուտակուած համապատասխան փաստաթղթային տուեալներուն մէջ», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Խօսելով տագնապի լուծման համար Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերուն մասին` դիւանագէտը մատնանշած է, որ Մոսկուան կ՛ընէ կարելին իրավիճակը հանդարտեցնելու համար եւ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու կրակը:

«Դիմումը հասցէագրուած է երկու մայրաքաղաքներուն, երկու պետութիւններուն: Ռուսիան ատիկա կ՛ընէ թէ՛ իբրեւ առանձին, թէ՛ ալ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ: Մենք կը լսենք տարբեր յայտարարութիւններ, որոնք, ցաւօք, ուղղուած են տագնապի բռնկման, ատոր շարունակման եւ զինուորական բաղադրիչի մեծացման: Սակայն մէկ անգամ եւս կ՛ուզեմ շեշտել, որ նման կոչերը բառացիօրէն քանի մը հատ են», աւելցուցած է Զախարովա:

Նախորդը

Յունաստանի Նախաձեռնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Հանդիպում Տեղի Ունեցած Է

Յաջորդը

Էնկել. «Միացեալ Նահանգներ` Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ, Պէտք Չէ Աչք Փակեն Թուրքիոյ Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Սրման Վրայ»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.