Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ՈՒԺԵՐՈՒ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ. «ԼԻԿԱՅԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՔԱԹԱՐԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ» ԸՍԱՒ ԶԻՊԱՐԻ

January 19, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ եւ կիրակի օրերը նախատեսուած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու Քաթարի գաղափարը պիտի ներկայացուի եւ քննարկուի:

Ան նշեց, որ կը նախատեսուի, որ արաբ դէտերու առաքելութիւնը երկարաձգուի, որովհետեւ ատիկա Արաբական լիկային կողմէ քաջարի եւ յանդուգն քայլ է:

Դիւանագիտական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը շաբաթ օր Գահիրէի մէջ պիտի վճռէ արաբ դէտերու առաքելութեան ժամկէտի հարցը: Իսկ սուրիական իշխանութեանց մօտիկ աղբիւր մը նշեց, որ Դամասկոս դէտերու առաքելութեան երկարաձգման պիտի չառարկէ, սակայն անոր լիազօրութեան ծիրին ընդլայնումը պիտի չընդունի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը «լիպիական փորձառութեան» ընդհանրացումը կը մերժէ, սակայն վստահեցուց, որ Ռուսիա վճռական կերպով կը մերժէ քաղաքայիններուն դէմ ուժի կիրարկումը, միեւնոյն ժամանակ ալ ներքին հարցերուն մէջ կողմնակալ զինուորական միջամտութեան եւ տագնապներու շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ տրուած լիազօրութեանց խախտումին դէմ է:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնները «մասնաւոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն»` վերահաստատելով, որ Մոսկուա կը զօրակցի Արաբական լիկայի նախաձեռնութեան եւ Սուրիոյ մէջ լիկայի դէտերուն ջանքերուն, սակայն նշեց, որ անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն գործած բռնարարքները «անմիջապէս դադրեցնել»:

Ան վերահաստատեց, որ Մոսկուա կը մերժէ Սուրիոյ մէջ որեւէ ուժերու տեղակայումն ու Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը: «Մեզի համար կարմիր գիծը յստակ է: Որեւէ պատժամիջոցի պիտի չզօրակցինք», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ որեւէ միջամտութիւն ուզող որեւէ պետութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն որեւէ լիազօրութիւն պիտի չստանայ»:

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՔԱԿ-ԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.