Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Զոհ Տալով՝ Բանակը Հակադարձեց Արամանի Եւ Ուատի Խալետի Ահաբեկչական Յարձակումներուն

September 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին բանակը հակադարձեց հիւսիսի սահմանամերձ Արաման շրջանի իր զօրանոցին դէմ կատարուած յարձակման փորձին, երբ Պրէյս անունով ահաբեկիչ մը կը փորձէր մէջքին կապած ռումբերով  յարձակում գործել : Յարձակման զոհ գացին բանակային երկու զինուորներ՝ Մոհամետ Խալետ Նաշար (1991-ի ծնունդ) եւ Ահմետ Խալետ Սաքր (2001-ի ծնունդ): Նմանապէս սպաննուեցաւ նաեւ ահաբեկիչ  Օմար Պրէյս, որ քանի մը ամիս առաջ ազատ արձակուած էր Ռումիէի բանտէն, ուր կը գտնուէր ՏԱՀԵՇ-ի անդամակցութեան յանցանքով: Ան մաս կը կազմէր Խալետ Հպլոսի ահաբեկչական խմբակին:

Նախքան այդ, մօտակայ Ուատի Խալետ շրջանին մէջ բուռն բախումներ արձանագրուեցան շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին, երբ բանակը շաբաթ յետմիջօրէին պաշարեց ահաբեկիչներու լքեալ տան մը թաքստոցը եւ անոնցմէ պահանջեց անձնատուր ըլլալ: Ահաբեկիչներ զինեալ կերպով դիմադարձեցին, եւ մինչեւ ուշ գիշեր տեւած բախումներու աւարտին բանակը ձերբակալեց 15 զինեալներ ու սպաննեց 9 ահաբեկիչներ: Չորս ահաբեկիչներ փախուստ տուին մօտակայ ամտառային շրջանը: Ձերբակալեալ ահաբեկիչներուն մէջ կան բժիշկ մը եւ ռումբերու եւ յարակից սարքերու  պատրաստութեան «ճարտարագէտ» մը:

Իսկ երէկ՝ կիրակի երեկոյեան տեղեկութիւններ շրջեցան, թէ բախումները վերսկսած են Ուատի Խալետի մէջ ահաբեկիչներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ: Սակայն պատկան մարմիններ հերքեցին լուրը:

Ահաբեկչութեան այս սանձարձակ թափանցումը դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց լիբանանեան ղեկավար թէ ժողովրդային շրջանակներու մօտ, որոնք վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը բանակին պահանջելով երկիրը պաշտպանել նման սադրանքներու դէմ:

  Նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի զոհերուն համար եւ դրուատեց անոնց խիզախ կեցուածքը ահաբեկիչներու հետապնդման գծով:

  Հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած ահաբեկչական արարքները՝ ցաւակցութիւն յայտնելով նահատակներու ընտանիքներուն:

 Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր,  դատապարտելով բանակին դէմ կատարուած յարձակումը, ընդգծեց, թէ բանակը պիտի շարունակէ պաշտպանել երկիրը նման յարձակումներու դէմ: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի զոհերու ընտանիքներուն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ դատապարտեց բանակին դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքները՝ դիտել տալով, թէ ծայրայեղական բանտարկեալներու համաներում շնորհելու գծով վերապահութիւնը կը մեկնի այսպիսի արարքներու մտավախութենէն:

Սուրի եւ Ժապալ Ամէլի միւֆթի շէյխ Հասան Ապտալլա դատապարտեց բանակին վրայ կատարուած յարձակումը՝ զայն նկատելով Լիբանանի դէմ նիւթուող սադրանքներու մէկ օղակը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց բանակին դէմ կատարուած դէպքը՝ ընդգծելով, որ ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօն, ո՛չ դաւանանք ունի: «Այսուհանդերձ, այս դէպքը չ’արդարացներ համաներումի որոշումին ընդդիմացողներուն վարկածը», ընդգծեց Ժոմպլաթ:

Նախկին նախարար Նիքոլա Թուէյնի ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի նահատակներու ընտանիքներուն՝ դրուատելով բանակայիններուն ցուցաբերած քաջարի կեցուածքը: Թուէյնի մտավախութիւն յայտնեց յաւելեալ ահաբեկչական արարքներու գործադրութեան  հաւանականութեան գծով՝ երկիրը ապահովական քաոսի մատնելու միտող կանխամտածուած ծրագիրի ծիրին մէջ:

 

Նախորդը

«Կովկասէն Տագնապալի Լուրեր Կը Հասնին, Կ’աղօթեմ Այդ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Համար» Կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Յաջորդը

Դատապարտելով Լիբանանեան Ապահովական Ուժերուն Դէմ Ահաբեկչական Արարքները՝ Օհանեան. «Ասիկա Հայրենիքին Դէմ Դաւադրական Սադրանք Է»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.