Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Զախարովայի «Նկատողութենէն» Ետք Խմբագրած Է Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերեալ Լաւրովի Պատասխանը

September 25, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան ստիպուած եղած է փոփոխութիւն կատարել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի մոսկովեան հանդիպումին վերաբերեալ հաղորդագրութեան սկզբնական բնագիրին մէջ այն բանէն ետք, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը Լաւրովի խօսքերը ճիշդ չէ մեկնաբանած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը:

Կը հաղորդուի, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի կայքին մէջ հրապարակուած բնագիրին մէջ նշուած է, որ Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին համար «խոչընդոտ» կոչած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Փաշինեանի յայտարարութիւնները կը խոչընդոտեն տագնապի լուծման հոլովոյթը: Ասիկա Մոսկուայի դիրքորոշումն է: Ռուսական կողմը լուծման հոլովոյթին մէջ հանդէս կու գայ Ազրպէյճանին հինգ գրաւեալ շրջաններու վերադարձին, խաղաղապահներու տեղակայման եւ փոխադրահաղորդակցային համակարգի վերականգնման կողքին», խորհրդարանի կայքին վրայ հրապարակուած բնագիրին համաձայն, ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է իրավիճակը` խորհուրդ տալով «իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունիլ բացառապէս Մոսկուայի դիրքորոշումը եւ ոչ թէ այլ մեկնաբանութիւններ»:

«Ինչ կը վերաբերի նախարար Լաւրովի խօսքի մէջբերումներուն ճշգրտութեան, ապա պիտի ուզէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ հարցին եւ սկզբունքօրէն այդ հարցումները ուղղել այն աղբիւրներուն, որոնք տարածած են այդ տեղեկատուութիւնը», ըսած է Զախարովան չորեքշաբթի տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Աղբիւրը կը նշէ, թէ Զախարովայի խօսքերէն ետք Ազրպէյճանի խորհրդարանի կայքին վրայ եղող հաղորդագրութեան բնագիրը խմբագրուած է: Լաւրովի խօսքերը էական փոփոխութեան ենթարկուած են: Փաշինեանի յիշատակումը, «հինգ գրաւեալ շրջաններու վերադարձ»¬ի եւ «խաղաղապահներու տեղակայման» մասին խօսքերը առհասարակ խմբագրուած են:

Ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան վերջնական տարբերակին մէջ կը նշուի. «Սերկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած յայտարարած է, որ Ռուսիան` իբրեւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, կ՛աջակցի խնդիրին լուծման եւ ջանք չի խնայեր այդ ոլորտին մէջ: Ռուսիան կ՛աջակցի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան»:

 

Նախորդը

Պատասխանելով Սալման Թագաւորին` «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ» Կ՛ըսէ Թեհրան

Յաջորդը

Նշելով, Որ Թուրքիա Իր Այցելութիւնը Յետաձգուած Է Եւ Ոչ Թէ Ջնջուած. Թուրք-Իրանեան Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի` Դիմակայելու Համար Քաթարի Պաշարումը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.