Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սան Ֆրանսիսքոյի Մարտահրաւէրը

September 23, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Պ.
Երկու ամիսներու կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, արդէն երրորդ անգամն է, որ Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքային մեր հաստատութիւնները եւ կեդրոնները թիրախ կը դառնան խափանարարութիւններու:

Անցեալ Յուլիսին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած սահմանային բախումներու հրահրումով, տարբեր երկիրներու մէջ կատարուած հակահայ արարքներու մէկ դրսեւորումն էր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի շրջափակի պատերը հակահայ եւ Ատրպէյճանամէտ «կրաֆիթի»ներով նկարելու արարքը:

Շուրջ երկու շաբաթ առաջ, հակահայ այս քայլին յաջորդեց տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնը հրկիզելու խափանարարութիւնը, որ զգալի նիւթական վնասներ պատճառեց կեդրոնին: Իսկ ահա՛, անցնող օրերուն, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը դարձեալ թիրախ դարձաւ, երբ անծանօթներ կրակ բացին վարժարանին ուղղութեամբ, բարեբախտաբար պատճառելով միայն թեթեւ նիւթական վնասներ:

Յոյսով ենք, անշուշտ, որ ապահովական պատկան մարմինները ամէնէն արագ միջոցին կը յաջողին բացայայտել այս արարքներուն ետին կանգնողներուն ինքնութիւնը: Բնականաբար մեր համայնքի պատկան մարմինները ջանք պիտի չխնայեն՝ հեշտացնելու համար անոնց գործը:

Մինչեւ այդ, կարեւորը՝ այս արարքներուն հետապնդած նպատակները ձախողեցնելն է: Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ հետապնդուածը այստեղ ջլատումն է մեր համայնքային ազգային կեանքին: Հետապնդուածը վախի ու ահաբեկչութեան մթնոլորտի ստեղծումով՝ մեր համայնքին առօրեան անդամալուծելն է, արուեստական վիհ ստեղծելով մեր համայնքի զաւակներուն եւ համայնքի հաստատութիւններուն կամ կառոյցներուն միջեւ: Ասոնք են անոնց նպատակները, զորս պէտք է ձախողեցնել ամէն գնով:

Նոր ապահովական միջոցառումներու որդեգրումով, յաւելեալ աչալրջութեամբ, բայց մանաւանդ մեր համայնքի միասնական ուժերուն լարումով՝ վստահաբար կարելի պիտի ըլլայ այս մարտահրաւէրն ալ յաղթահարել:

asbarez.com

 

Նախորդը

Ճատրակ. Գերմանիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Արոնեանի Եւ Մովսիսեանի Խումբը՝ «Պունտըսլիկա»-յի Ախոյեան.

Յաջորդը

Հայ Ժողովրդի Համար Անկախութիւնը Գերարժէք Է, Որի Համար Պատրաստ Է Անգամ Իր Կեանքը Զոհել

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.