Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

January 18, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Յովհաննիսեան կը պատասխանէ լրագրող Արման Պապաճանեանի հարցումներուն

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Առաջին լրատուական» կայքէջի «Ռէալ փոլիթիք» հաղորդաշարի ընթացքին յառաջիկային Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն անդրադառնալով յայտարարեց, որ պէտք է յաջողիլ արթնցնել ժողովուրդը ընտրութիւններուն բերելու համար: Ան նշեց, որ քաղաքական ուժը, որ 150-200 հազար ձայն կը հաւաքէ, այնքան լուրջ ընդդիմութիւն կրնայ ըլլալ խորհրդարանին մէջ, որ իսկապէս որոշիչ դեր ստանձնէ` նոյնիսկ մեծամասնութիւն չըլլալով: Վահան Յովհաննիսեանին համար պարզ կը թուի, որ ընդդիմութիւնը պէտք է միասնաբար առնուազն 30-40 առ հարիւր ստանայ, որ կարենայ գործել: Ըստ անոր, ՀՅԴ-ն նախորդ ընտրութիւններուն մօտաւորապէս այդքան ձայն հաւաքած է` 170-190 հազար: «Անով իրողապէս կը ստանաս մօտ 20 առ հարիւր, բայց յետոյ յանկարծակի ընտրութիւններուն ժամանածներուն թիւը անսպասելիօրէն վերջին ժամերուն կ՛աճի, եւ քու թիւդ` մնալով թիւ, տոկոսային յարաբերակցութեամբ կը նուազի: Անով կը բացատրուէր մեր յայտարարութիւնը, երբ մենք ոչ մէկ անգամ ստորագրած ենք ընտրութիւններուն վերջնական փաստաթուղթը: Մենք միշտ կ՛ըսենք, որ այո՛, Ազգային ժողով մտած են նոյնինքն այն ուժերը, որոնք պէտք է մտնէին», յայտնեց Վ. Յովհաննիսեան:

Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ Ընտրական օրէնսգիրքի հիմնական փոփոխութիւններ եւ անոր կ՛աջակցին Ժառանգութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչի շուրջ կրնան նախընտրական այս շրջանին իրարու դէմ պայքարիլ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը շատ անգամ նշած է, որ այս ընտրութիւնները իսկապէս էական են եւ շատ կարեւոր է զանոնք արժանապատիւ կերպով կայացնելը եւ արդեօք այստեղ ընդդիմութեան դերակատարութիւնը շատ կարեւոր եւ նշանակալի չէ՞, Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ որոշ հոլովոյթներ այս առումով սկսած են, օրինակ` Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումը: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը յօրինած է առասպել մը, թէ կարելի չէ օրէնսգիրքը բարեփոխել, ժամանակ չկայ, սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի: Յովհաննիսեան շեշտեց, որ պէտք չէ սահմանադրութիւնը փոխել 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնելու համար, որովհետեւ Սահմանադրութեան մէջ ոչ մէկ յօդուած ընտրելու ձեւին մասին կը խօսի, այլ կը խօսի այն մասին, որ խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլան 131 պատգամաւորներ եւ անոնց ընտրուելու ձեւը օրէնքը կ՛որոշէ: Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ այդ օրէնքը փոխել, իսկ անոր համար ժամանակ կայ, եւ շատ ողջունելի է նաեւ, որ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնն ալ այս մօտեցումները ողջունեց:

Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ «Մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որովհետեւ հաւատալու շատ հիմք չունինք, վստահ ըլլանք, ստեղծենք մեր մեքանիզմները այդ ընտրութիւնները վերահսկելու համար»: Ան նշեց, որ հիմա փորձը ցոյց կու տայ, որ երբ ատիկա մէկը կ՛ընէ, իբրեւ կանոն, նախանձի կամ այլ պատճառներով յաջողութեան չի կրնար հասնիլ: Ան իբրեւ օրինակ տուաւ Դաշնակցութեան հովանաւորած «Քուէն ուժ է» շարժումը, որ բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ իր շուրջ համախմբեց, սակայն շատ դանդաղ կը շարժի տեղէն: Կողքէն թարմ արիւն պէտք է թերեւս այդ շարժումը դարձնելու համար բոլորին սեփականութիւնը, որոշ ձեւով ծառայեցնելու, ապացուցելու, որ ատիկա կարելի է ծառայեցնել ոչ թէ մէկ, այլ շարք մը կուսակցութիւններու ընդհանուր շահերուն: Անոր կարծիքով, պէտք է այս մեքանիզմները գտնել:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ձրի բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ, ակնոցներ կը բաժնէ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը մէկ կողմ դնելով իրարու միջեւ եղած տարակարծութիւնները, պէտք է մարդոց բացատրէ, որ «եթէ կ՛ուզես իմանալ քու ձայնիդ գինը, իմացիր, որ ատիկա քու երեխայիդ ապագան է»: «Եթէ ասիկա կրցանք բացատրել, կը նշանակէ հասարակութիւնը աճեցաւ, եւ մենք պիտի դառնանք յաղթանակի արժանի», ընդգծեց դաշնակցական գործիչը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐԵՍՔՈԹԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԱԼԻԵՒԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՏԱԳՆԱՊ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.