Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Ձերբակալեց Խալետ Թիլաուիի Ահաբեկչական Բջիջի Անդամներէն Մէկը

September 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան մէկ խմբակը նախանցեալ գիշեր Ռաշհինի մէջ կրցաւ ձերբակալել Ապտել Ռազզաք Ուալիտ Ռըզը, որ մաս կը կազմէր ահաբեկիչ Խալետ Թիլաուիի ղեկավարած ահաբեկչական բջիջին:

Բանակը տակաւին կը շարունակէ փնտռել երրորդ ահաբեկիչը, որ Պըտտաուի-Մընիէ շրջանին մէջ իր գործած ներխուժումի գործողութեան ընթացքին փախուստ տուած էր:

Նշենք, որ Պըտտաուիի մէջ բանակը կիրակի գիշեր կատարեց ներխուժման գործողութիւն մը, որուն ընթացքին նահատակուեցան չորս բանակայիններ, եւ սպաննուեցաւ ոստիկանութեան ու դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ Խալետ Թիլաուին:

Նշենք, որ բանակին նկատմամբ զօրակցական կեցուածքները շարունակուեցան նաեւ երէկ:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին` խոր վիշտ յայտնելով հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ զոհուած չորս զինուորներուն նահատակութեան համար:

Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ բժշկական ամբողջ մարմինը լիբանանեան բանակին նեցուկ կը կանգնի եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օժանդակելու անոր` պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Ապու Շարաֆ շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Աունի բանակին եւ անոր հերոսներուն ի գործ դրած ջանքերուն համար, որոնք կը նպատակադրեն պաշտպանել երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` ներքին առումով եւ երկրին սահմաններուն վրայ:

Ան զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան պետութեան, արդարութեան, կրօնին եւ պետական հաստատութիւններուն` ընդգծելով, որ իրենք կը մերժեն սպանութեան եւ ահաբեկչութեան մշակոյթը, որ կը գործադրուի Լիբանանը քանդելու նպատակով:

Իր կարգին, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակի 4 զինուորներուն նահատակութիւնը պատճառած անարգ ոճիրը, երբ անոնք Պըտտաուիի մէջ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարէին:

Քսսայֆի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին կայունութեան եւ խաղաղութեան երաշխիքն է` աւելցնելով, թէ անոր կողքին կանգնիլը անհրաժեշտ է, յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ բանակը լիբանանցիներուն վստահութիւնը կը վայելէ:

Քսսայֆի խմբագիրներու սենտիքային անունով ցաւակցութիւն յայտնեց բանակին հրամանատարին` ընդգծելով կարեւորութիւնը ահաբեկիչներն ու ահաբեկչական բջիջները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտողները հետապնդելու:

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւն. Դատաւոր Սուուան Կը Հարցաքննէ Ֆընիանոսը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 25.449-ի, Մահուան Պարագաներունը` 252-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 9216-ի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.