Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Մաքրոնին Խորհուրդ Տուած Է «Թուրքիոյ Հետ Գործ Չունենալ»

September 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` ըսելով, որ վերջինս իրեն հետ յաւելեալ լուրջ խնդիրներ պիտի ունենայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ին` յղում կատարելով թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան:

Թուրքիոյ նախագահի նման արտայայտութեան պատճառ դարձած է Եւրոպական Միութեան Անգարայի նկատմամբ աւելի խիստ ըլլալու Մաքրոնի կոչը:

Ֆրանսայի նախագահը նոյն ատեն շեշտած էր, որ խօսքը Թուրքիոյ ղեկավարութեան մասին է եւ ոչ թէ ժողովուրդին, որ Մաքրոնի կարծիքով` «արժանի է աւելիին, քան Էրտողանի կառավարութիւնն է»:

Բացի ատկէ, Մաքրոն յայտարարած էր, որ Թուրքիան այլեւս միջերկրականեան շրջանին մէջ գործընկեր չէ:

«Գործ չունիք Թուրքիոյ եւ թուրք  ժողովուրդին հետ», յայտարարած է Էրտողան` 12 սեպտեմբեր 1980 թուականին տեղի ունեցած յեղափոխութեան 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Ան նաեւ Մաքրոնը մեղադրած է պատմութիւն չգիտնալու յանցանքով: «Դուն պատմութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ չունիս եւ նոյնիսկ Ֆրանսայի պատմութիւնը չես գիտեր, ուստի Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին հետ գործ մի՛ ունենար»:

«Դուք չէք կրնար մեզի մարդասիրութեան դասեր տալ», շեշտած է Էրտողան` յիշեցնելով Ալճերիոյ անկախութեան պատերազմը եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը:

Էրտողան նաեւ խիստ զգուշացում մը յղած է Յունաստանին` զգուշացնելով «իր սխալ քայլերուն հետեւանքներէն»:

Թուրքիոյ նախագահը իր խօսքը յոյներուն ուղղելով յայտնած է. «Դուք սխալ գործեր կը կատարէք, մի՛ ընթանաք այդ ուղիով, այլապէս մեծ մեկուսացում պիտի դիմակայէք»:

Միւս կողմէ, Յունաստանի կառավարութեան բանբերը երէկ յայտարարեց. «Կ՛ողջունենք թրքական պեղման նաւուն Անթալիոյ նաւահանգիստ վերադարձը եւ զայն դրական զարգացում մը կը նկատենք»:

 

Նախորդը

Լաւրովի Կարծիքով` Բանակցութիւններու Վերսկսումը Պիտի Նպաստէ Կիպրոսի Հարցի Լուծման

Յաջորդը

«Որո՞նք Են Արաբները. Արաբական Լիկան Արաբական Չէ» Թուրքիա Ինքզինք Կը Նկատէ Արաբներու Անունով Խօսելու Ամէնէն Իրաւասու Կողմը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.