Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանիէ Այցելեց Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

September 7, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէ, որ կը գտնուի Պէյրութ, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան, լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական ու զինուորական ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ Պաղեստինեան դատին դիմագրաւած վտանգները, ինչպէս նաեւ «Դարու գործարք»-ն ու իսրայէլեան թշնամի գոյացութեան հետ կարգ մը արաբական երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացումը:

Հանիէ եւ սէյիտ Նասրալլա ընդգծեցին Դիմադրութեան առանցքին անխախտ եւ տոկուն մնալու իրականութիւնը` դիմագրաւելու համար բոլոր ճնշումներն ու սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ արդարացնելու համար Դիմադրութեան վստահուած բոլոր յոյսերը:

Հանդիպումին մասին Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Հանիէ եւ սէյիտ Նասրալլա վերահաստատած են Համասի եւ Հըզպալլայի միջեւ ամուր յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են կրօնի, եղբայրութեան, ժիհատի եւ միացեալ ճակատագիր մը դիմագրաւելու վրայ:

Հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ քննարկուեցան Հըզպալլայի եւ Համասի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, Հանիէ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պաղեստինեան դատին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի հարցը, որուն շրջագիծին մէջ միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Երուսաղէմին կառչած մնալու իմաստով իսլամական եւ լիբանանեան կեցուածքները կը մնան անշեղ` մերժելով թշնամի Իսրայէլի կողմէ Երուսաղէմի եւ Աքսայի մզկիթին բռնագրաւումը:

 

Նախորդը

Շինքըր. «Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի Հետ Համաձայն Են` Լիբանանի Մէջ Բարեկարգումները Գործադրելու Հարցով»

Յաջորդը

Ժըմմէյզէի Փլած Շէնքին Տակ Ողջ Մարդ Գտնելու Նշոյլներ Ու Յոյսեր Չկան, Իսկ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Մասին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.