Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահրէյն Կ՛արտօնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Իսրայէլի Միջեւ Թռիչքներուն Իր Օդային Տարածքէն Անցնիլը

September 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Պահրէյն յայտարարեց, որ կ՛արտօնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ թռիչքներուն իր օդային տարածքէն անցնիլը:

Պահրէյնի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան քաղաքային թռիչքներու հարցերու բաժանմունքէն պատասխանատու աղբիւր մը յայտնեց, որ հրապարակուած է բոլոր երկիրներէն, ներառեալ Իսրայէլէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եկող կամ անկէ մեկնող բոլոր թռիչքներուն պահրէյնեան օդային տարածքէն անցնելու էմիրաթական խնդրանքին ընդառաջող որոշումը:

Դիւանագիտական աղբիւրներ մէկ օր առաջ հաղորդած էին, թէ Պահրէյն մերժած է Արաբական լիկային մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մերժող կէտին ներառումը:

Քանի մը օր առաջ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ` յղում կատարելով իսրայէլեան աղբիւրի մը, հաղորդած էին, թէ կը նախատեսուի, որ «Պահրէյն մօտ օրէն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը յայտարարէ»:

Սէուտական Արաբիան չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ համաձայն գտնուած է բոլոր երկիրներէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ուղղուող եւ անկէ տարբեր երկիրներ մեկնող թռիչքներու արտօնել սէուտական օդային տարածքէն անցնիլ:

Սէուտական քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր մարմինէն պատասխանատու աղբիւր մը սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ մարմինը որդեգրած է այդ առնչութեամբ էմիրաթական քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր մարմինին կողմէ ներկայացուած դիմումը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սէուտական Արաբիոյ յայտարարութենէն ետք յայտնած էր. «Իսրայէլեան օդանաւերուն պիտի արտօնուի ուղղակիօրէն թռիչք կատարել դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ»:

Նշենք, որ այս շաբաթ իսրայէլեան եւ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւններ Թել Աւիւէն Ապու Տապի փոխադրող իսրայէլեան վարձուած օդանաւի մը արտօնուեցաւ թռիչք կատարել սէուտական օդային տարածքին մէջ, ինչ որ իսրայէլեան «Էլ Ալ» օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւի մը կողմէ թագաւորութեան վերեւ կատարուած առաջին պաշտօնական թռիչքն էր:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Լուքաշենքոն Պիտի Չներառէ Պատժամիջոցներու Ցուցակին Վրայ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ընդլայնեն Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ  Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք»  Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը
Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք» Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.