Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Լուքաշենքոն Պիտի Չներառէ Պատժամիջոցներու Ցուցակին Վրայ

September 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ մէջ նախագահ ընտրուած Ալեքսանտր Լուքաշենքոն պիտի չընդգրկուի Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ, նախ եւ առաջ` Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ: Ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, այս մասին հաղորդած է գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը` վկայակոչելով սեփական աղբիւրներ:

Պերլին, Փարիզ եւ Հռոմ յայտարարած են, որ հակառակ բոլոր հանգամանքներուն, Լուքաշենքոյի հետ հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է բաց ըլլան, որովհետեւ, անոնց կարծիքով, զինք սեւ ցուցակին վրայ ներառելը պիտի նշանակէ Մինսքի հետ երկխօսութեան ամբողջական դադրեցում:

Պիելոռուսիոյ ղեկավարին նկատմամբ սահմանափակող քայլեր կիրարկելուն կողմ են Պալթեան երկիրները եւ Լեհաստանը:

27-28 օգոստոսին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումի ընթացքին որոշում տրուեցաւ կարելի եղածին չափ շուտ աւարտել Պիելոռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու ընթացակարգը:

Նախորդը

Թրամփ Կը Հերքէ Զոհուած Ամերիկացի Զինուորները «Անյաջողակներ» Կոչելուն Մասին Զգայացունց Լուրը

Յաջորդը

Պահրէյն Կ՛արտօնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Իսրայէլի Միջեւ Թռիչքներուն Իր Օդային Տարածքէն Անցնիլը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.