Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Մտահոգութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Ներկայացուցիչները Ռուսիա Հրաւիրելու Գծով

September 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան Ռուսիոյ կոչ ուղղած է հրաժարելու քայլերէ, որոնք կրնան ծառայել սուրիական այն կառոյցներու շահերուն, որոնք առնչուած են Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ): Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու, որոնց գլխաւոր կորիզը կը կազմեն ՔԱԿ-ի անդամները, պատուիրակութեան Ռուսիա այցելութեան եւ ռուս պաշտօնատար անձերուն հետ բանակցութիւններ վարելու առիթով:

«Ռուսիան պէտք է խուսափի այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը հակասեն Ասթանայի ձեւաչափի ոգիին եւ պարտաւորութիւններուն», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, որ ՔԱԿ-ի սուրիական թեւը կը սպառնայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ այս հարցին մէջ թրքական կողմին դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի ռուսական կողմին` արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորած պատուիրակութեան կողմէ, որ կը գտնուի Մոսկուա:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը մեկնած է Ռուսիա` Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հարցերով քննարկումներ կատարելու համար:

Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան  հրապարակած հաղորդագրութեան, «նախարարութիւններու միացեալ պատուիրակութիւն մը 31 օգոստոսէն 1 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Մոսկուա` քննարկելու համար շրջանին, մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը»:

Թրքական օրաթերթեր հաղորդեցին, թէ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ պաշտպանութեան նախարարութենէն ու թրքական գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն ներկայացուցիչներ:

Նախորդը

Թուրքիան Երկարաձգած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Երկրաբանական-Հետախուզական Աշխատանքներու Ժամկէտը

Յաջորդը

«Այսրյորդանանէն Շրջաններու Իսրայէլի Կցման Հոլովոյթը Առկախուեցաւ» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Խորհրդականը

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.