Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Պահանջով Արգիլուած Է Վրացական Ազգային Տօնը

August 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրացի քաղաքագէտ Տաւիտ Քուփաթածէ «Տալմա.նիուզ» քառալեզու կայքին վրայ «Տիտկորոպա» 2020. վրացական ժողովրդական տօնը արգիլուա՞ծ է» վերնագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Օգոստոս 12-ը շատ յատուկ թուական է Վրաստանի բնակչութեան համար: 1121 թուականին այս օրը վրացական ականաւոր քաղաքական գործիչ Դաւիթ Դ. արքան, որուն մականունն էր Ակմաշենեպելի (Շինարար), Տելտորի ճակատամարտին մէջ ջախջախեց իր բանակին բազմիցս գերազանցող սելճուք-թուրքերու բանակը: Այս ճակատամարտը ճակատագրական էր վրացի ժողովուրդի պատմութեան մէջ, ինչպէս Քուլիքովոյի կամ Պորոտինոյի ճակատամարտը` ռուսերու պատմութեան մէջ կամ Թրաֆալկարը` անգլիացի ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

«(…)Աւանդաբար, օգոստոսի 12-ին Տիտկորոյի յուշահամալիրի տարածքին մէջ, որ իրականութեան մէջ բաց երկինքի տակ թանգարան է, կը հաւաքուին հասարակութեան ներկայացուցիչներ, տեղի կ՛ունենան թատերական ներկայացումներ, կը կատարուին վրացական ժողովրդական արտադրութեան եւ արուեստի գործերու, աւանդական հագուստի, խոհանոցային տօնավաճառներ, ժողովրդային համոյթներու եւ վրացական էսթրատային աստղերու համերգներ, մարզիկներու մրցումներ:

«Շատ բնական էր, որ այս ծաւալի տօնակատարութիւններու բացումը կը կատարէին կառավարութեան ներկայացուցիչները: Ոչ հեռու անցեալին, Վրաստանի նախկին վարչապետ Մամուկա Պախթածէն, Տիտկորոպայի տօնակատարութեան ժամանակ, բարձրաձայն բոլորին տեղեկացուց, որ այս մարտը մինչեւ օրս կը շարունակուի իւրաքանչիւր վրացիի սրտին մէջ: Շատ բնական էր, որ նախապէս իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն մէկը` Նուքրի Քանթարիան, խորհրդարան ներկայացուց օրինագիծ, որ կը նախատեսէր աշխատանքային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարել` հաստատելու համար մէկ այլ պետական տօն` Տիկորի (Տիտկորոպա) ճակատամարտի յաղթանակի օր:

«Շատ բնական էր նաեւ, որ Վրաստանի խորհրդարանը առաջին ընթերցումով թեր քուէարկեց ատոր, սակայն յետոյ բոլորովին անբնական դարձաւ, որ այս հարցը յանկարծակի «փակուեցաւ»: Նման անհասկնալի որոշումին պատճառը շատ արագ բացայայտուեցաւ: Փաստը այն է, որ Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպանը սուր քննադատութեան ենթարկեց այս որոշումը: Այս ամէնը նշուած էր դիւանագիտական թղթածրարին մէջ, իսկ բնագիրին մէջ կը նշուէր. «Թուրքիոյ դեսպանատունը բարեկամաբար խնդրած է չորդեգրել օրինագիծը ներկայ տեսքով»: Դեսպանատունէն բացատրեցին, որ ատիկա թուրքերու պարտութեան օրն է, եւ վրացական կողմէն զայն նշելու որոշումը կրնայ անախորժութիւն յառաջացնել երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:

«Այս տարի Տիտկորոպայի վերջին տօնակատարութեան ժամանակ բարձրաստիճան պետական այրեր ընդհանրապէս չկային: Ասիկա կը նշանակէ, որ վրացական իշխանութիւնները, իրենց կամքով, իսկ աւելի ճիշդ` թրքական իշխանութիւններուն հրամանով, պատրաստ են արգելակել վրացի ժողովուրդի կարեւորագոյն եւ ճակատագրական յաղթանակին նուիրուած տօնը` դրացիներուն չջղայնացնելու եւ «երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ չստեղծելու» համար»:

 

Նախորդը

Յանուն Լիբանանահայութեան Եւ Սուրիահայութեան. ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը

Յաջորդը

Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածուն Դառնալէ Ետք. Թրամփ Իր Խօսքին Մէջ Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը «Արմատական Շարժում» Կոչած Է, Ինքզինք Լինքըլնին Համեմատած Եւ Սիւլէյմանիի Անունը Սխալ Արտասանած

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.