Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄԻՆ ԴԷՄ Է

January 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի պիւտճէի քննարկման ընթացքին ներկայացուած` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ֆինանսաւորումը աւելցնելու առաջարկին դէմ արտայայտուած է:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան, առաջարկին նպատակն է ամրապնդել ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ հաւանական միջադէպերու հետաքննութեան կատարումը:

Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը իր դիրքորոշումը բացատրելու համար ըսած է, որ չի կրնար հաւանութիւն տալ գրասենեակին յաւելեալ միջոցներու տրամադրման, որովհետեւ տակաւին միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի մանրամասնութեանց շուրջ վերջնական համաձայնութիւն չէ գոյացած:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի պիւտճէի յաւելման գաղափարը լայնածիր աջակցութիւն գտած է ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ:

«Ասիկա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ Ազրպէյճան շահագրգռուած չէ շփման գիծի միջադէպերուն հետաքննութեամբ, որովհետեւ ատոր իբրեւ արդիւնք ի յայտ պիտի գայ, որ ինքնին ազրպէյճանական կողմն է, որ պարբերաբար սադրանքներ կը կատարէ, այդ միջոցով իսկ խորացնելով հակամարտող կողմերու փոխադարձ թշնամանքն ու անվստահութիւնը եւ բանակցային հոլովոյթը կանգնեցնելով փակուղիի առջեւ», կ՛ըսուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԴԻՄԵԼՈՎ ՃՈՆ ՓՐԵՍՔՈԹԻՆ` «ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԱՆԽԱՒ ԴԷՄ ՏԵՍԱԿԷՏ ՅԱՅՏՆԵԼԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԸԼԼԱԼ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.