Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

January 17, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները եւ «Արաբական գարուն»ն ու Միջին Արեւելքի մէջ տարբեր վարչակարգերու շրջագիծին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններն ու ժողովուրդներու յեղափոխութիւնները` Պէյրութի մէջ անցեալ կիրակի օր ՄԱԿ-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ ՄԱԿ-ի անդամ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ, արաբ եւ օտար դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:

Այս իմաստով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կու գայ յստակացնելու, որ ինք Տաւութօղլուի այցելութիւնը դատապարտող բողոքի ցոյց չէ կազմակերպած` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ նման խորհրդաժողով մը կայացնելու կարեւորութիւնը եւ ներքին լիբանանեան թէ շրջանային իմաստով անոր ունենալիք հետեւանքները: Սակայն կ՛արտայայտենք մեր խիստ ցասումն ու դատապարտումը Տաւութօղլուի նկատմամբ լիբանանեան քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած սրտբաց ընդունելութեան` գիտնալով հանդերձ, որ շրջանին մէջ Թուրքիա ժխտական դերակատարութիւն կ՛ունենայ եւ կը փորձէ արաբական զօրակցութիւն ձեռք ձգել` արեւմտեան պետութիւններուն օժանդակութեամբ: Այս մէկը կատարելով` Թուրքիա կը միտի իրագործել ժամանակաւոր շահեր, որոնք կը գոհացնեն բռնատիրական իր ախորժակները: Տակաւին չենք անդրադառնար Թուրքիոյ ոճրային անցեալին եւ որեւէ տեսակի բարեկարգումի կամ ժողովրդավարութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած անտեսումին:

Մենք կը վերյիշեցնենք, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիա երբեք չի կրնար ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն մասին դասեր տալ, այնքան ատեն որ ան չի ճանչնար հայոց եւ այլ ազգերու դէմ իր նախահայրերուն գործած ցեղասպանութիւնը, հողերու բռնագրաւումը, իրաւունքներու բռնաբարումը:

Հետեւաբար դարձեալ կը զգուշացնենք Թուրքիոյ ախորժակներուն դիմաց դռները լայն բանալու վտանգներէն` ի վնաս արաբական շահերուն:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԶՈՀԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ 30 ՄԻԼԻՈՆ Լ. ՈՍԿԻ

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄԻՆ ԴԷՄ Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.