Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Լարուածութեան Հարցով Աջակցութիւն Կը Յայտնէ «Եղբայրական» Թուրքիոյ

August 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան վճռականօրէն կը պաշտպանէ եղբայրական Թուրքիոյ քայլերը, որոնք պատմականօրէն կարեւոր դեր խաղցած են Միջերկրական ծովու շրջանի զարգացման գործին մէջ` հիմնուած միջազգային օրէնքի վրայ, որ ուղղուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, եւ յոյս կը յայտնէ, որ շուտով կը լուծուի գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւան` պատասխանելով արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ գործունէութեան եւ այդ առնչութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումին:

Ըստ Ապտուլլայեւայի, «երրորդ կողմերու իրավիճակը շրջանի երկիրներու նկատմամբ իրենց թշնամական եւ կողմնակալ մօտեցումին համար օգտագործելու փորձերը պէտք է վճռականօրէն մերժուին»:

«Հայկական կողմի` Թուրքիոյ դէմ անհիմն մեղադրանքներ պարունակող դիրքորոշումն ու յայտարարութիւնները պէտք է դատապարտուին եւ ճնշուին`  իբրեւ իրենց նեղ քաղաքական շահերը չարաշահելու փորձ` հաշուի առնելով Միջերկրական ծովու աւազանին մէջ նկատուող լարուած իրավիճակը», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը:

Ապտուլլայեւան հաւանաբար «մոռցած» է մէկ ամիս առաջ` յուլիս ամսուն Տաւուշեան դէպքերու ընթացքին երրորդ երկիր հանդիսացող Թուրքիոյ` բարձրագոյն մակարդակով յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Հայաստանը կը մեղադրուէր «պատերազմ շղթայազերծելու» եւ «բռնագրաւման քաղաքականութիւն» գործադրելու յանցանքով:

 

Նախորդը

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան. Երկրագունդի Բնակչութիւնը Հեռու Է «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Հաւաքական Դիմադրողականութեան Ձեւաւորումէն

Յաջորդը

Պայտըն Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածու

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.