Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմերու Առցանց Միացեալ Ժողով

August 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 14 օգոստոսին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի լրիւ կազմերը, Բիւրոյի հրաւէրով գումարեցին առցանց միացեալ ժողով մը: Ժողովի օրակարգը կ՛ընդգրկէր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով յառաջացած աղէտէն ետք Լիբանանի ներքաղաքական կեանքին ապրած հոլովոյթը, լիբանանահայութեան իրավիճակին ու այս ծիրին մէջ ծաւալուող համահայկական օժանդակութեանց ծրագիրներն եւ աշխատանքները:

Նախ եւ առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ միջազգային, պետական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ Բիւրոյի եւ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան եւ լոպիինկի աշխատանքին` մեծ պետութիւններէ Լիբանանին նպաստ ապահովելու առաջադրանքով: Ապա ան ներկայացուց լիբանանահայութեան վերականգնումին համար տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքի եւ օժանդակութեանց աշխատանքները` հաստատելով, որ բոլոր շրջաններն ալ հետեւողական ու կազմակերպ գործի անցած են: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ողջունեց Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ստեղծումը եւ մաղթեց, որ ան յաջողի իր ժողովրդանպաստ առաքելութեան մէջ:

Ապա, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցեց Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ ճգնաժամի մասին, որմէ ետք Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Կեդրոնական կոմիտէի օժանդակութեանց աշխատանքներու այլ մարզերու պատասխանատու ընկերներ ներկայացուցին լիբանանահայութեան կրած վնասներու ընդհանուր նախնական գնահատումը եւ ցարդ կատարուած ու ծրագրուած աշխատանքերու մասին տեղեկութիւններ:

Միացեալ ժողովը գնահատեց համահայկական տարողութեամբ Լիբանանի հայութեան կողքին կանգնելու եւ գործնապէս օժանդակելու համայն հայութեան պատրաստակամութիւնը: Յատուկ գնահատանքի արժանացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կոչն ու հոգածութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան առանցքային դերը, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական եւ ուղեկից միութիւններու նախաձեռնութիւնները, հայ հոգեւոր պետերու եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ստեղծած զօրաշարժը:

Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյին եւ տարբեր երկիրներու ՀՅԴ կազմակերպական մարմիններու յայտնած նեցուկին եւ արագ կիրարկած նախաձեռնութիւններուն: Իսկ ՀՅԴ Բիւրոն վերահաստատեց, որ ճգնաժամային այս փուլին ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր համահայկական ընտանիքով, պիտի շարունակէ Լիբանանի հայութեան ցուցաբերել ամբողջական զօրակցութիւն:

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

«Հայութիւնը` Լիբանանի Կողքին» Համահայկական Բարեգործական Համերգային Ծրագիր

Յաջորդը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Երկրորդ Առցանց Ժողովը – Եւրոպա –

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.