Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Փաստուի, Որ Իսրայէլ Մեղսակից Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին, Ապա Ան Այս Ոճիրին Տարողութեամբ Պիտի Վճարէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

August 15, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառով մը անդրադարձաւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի արձանագրած յաղթանակի 14-ամեակին:

Ան նշեց, որ Լիբանան հզօր է իր Դիմադրութեան տարազով, որ օրըստօրէ կը հզօրանայ, եւ այդ պատճառով է, որ կը փափաքին զայն սպաննել: «Դիմադրութենէն հրաժարելու առաջարկը մեր դիմաց միշտ եղած է եւ ցարդ կը մնայ առկայ», ըսաւ ան:

Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ պայթումին հետաքննութիւնը իր վերահսկողութեան տակ չի գտնուիր: «Իսկ եթէ «Էֆ. Պի. Այ.»-ը պիտի մասնակցի այդ հետաքննութեան, ապա ան պիտի փորձէ փրկել Իսրայէլը, եթէ ան մեղսակից դարձած է այդ ոճիրին: Եթէ փաստուի, որ  Իսրայէլ մեղսակից է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, ապա ան այս տարողութեամբ պիտի վճարէ, որովհետեւ Հըզպալլա նման տարողութեամբ հսկայական ոճիրի մը դիմաց լուռ չի կրնար մնալ», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Պէյրութի պայթումին պատասխանատուութիւնը հանրապետութեան նախագահին վերագրելը անարդար է` շեշտելով, որ նախագահ Աունը տապալելու արշաւը պիտի ձախողի:

Իսկ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու մասին յայտարարութիւններուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ասիկա ժամանակի կորուստ է:

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ ատեանին որոշումները իրենց չեն վերաբերիր: «Այսինքն` եթէ միջազգային դատական ատեանը մեր եղբայրներուն դէմ վճիռներ արձակէ, մենք կառչած պիտի մնանք անոնց անմեղութեան: Կարեւորը այն է, որ զգուշանանք այդ վճիռը ներքին եւ արտաքին իմաստով շահագործելու փորձերէն», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 8045-ի, Մահուան Պարագաներունը` 94-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2551-ի

Յաջորդը

«Յարգանքս Լիբանանցի Երիտասարդութեան, Որ Երիտասարդութեան Միջազգային Օրը Վերածեց Իր Օրուան» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.