Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու Լիբանան կատարած զօրակցական այցելութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 11 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընկերակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի եւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անչարքոլեանի, այցելեց «Գարակէօզեան» հաստատութիւն:
Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ գլխաւոր յանձնակատարը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շրջայց մը կատարեցին հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացան հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութիւններուն եւ աւարտին քննարկում ունեցան ընկերային ծառայողներուն հետ:
Իսկ յետմիջօրէին «Եու. Էս. Էյտ»-ի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար Ճոն Փարսան, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի եւ ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային ծրագիրի գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Փիզլիի ուղեկցութեամբ այցելեց «Հ. Գարակէօզեան» կեդրոն:
Անոնք դիմաւորուեցան տնօրէնին կողմէ, ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն, տեսան կեդրոնին կրած վնասները, զրուցեցին հիւանդներուն հետ, քաջալերեցին կեդրոնի առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան աշխատակազմի աշխատակիցներուն քրտնաջան աշխատանքը համայնքային ծառայութեան մատուցման ծիրին մէջ:
Այցելութեան աւարտին, նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով տուժած 200 ընտանիքներու պատուիրակներու վերահսկողութեամբ բաժնեցին 200 ուտեստեղէնի ծրարներ:






