-Այսօր՝ Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ
Փորթուգալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ կը շարունակուին կատարուիլ, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ճակատումները:
Երէկ, գերմանական Լայփցիկ խումբը ստեղծեց մեծ անականկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Աթլեթիքօ Մատրիտին, արձանագրելով՝ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Լայփցիկ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց՝ 88-րդ վայրկեանին:
Կիսաւարտականին, Լայփցիկ պիտի ճակատի Փարիզ Սեն Ժերմէնի դէմ:
Այսօր՝ ուրբաթ, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին՝ Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ:
Օրուան իրաւարարը պիտի ըլլայ՝ Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա):
Իսկ վաղը՝ շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ քառորդ աւարտականի վերջին մրցումը, Մանչեսթըր Սիթիի եւ Լիոնի միջեւ (նոյն ժամուն):



