Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Ֆրանսան Ժամանակաւորապէս Պիտի Ամրապնդէ Միջերկրականի Մէջ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը»

August 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իր երկիրը` գործակցաբար եւրոպացի գործընկերներու հետ,  ներառեալ Յունաստանը ժամանակաւորապէս պիտի աւելցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ իր ներկայութիւնը:

Մաքրոն Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ աւելցուց, որ այդ յաւելման նպատակը ցոյց տալն է, թէ միջազգային օրէնքը պէտք է յարգուի:

Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց.«Թուրքիան պէտք է վերջ տայ արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ միակողմանի պեղման հետազօտման աշխատանքներուն»:

Մաքրոն կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, անոր դրացիներուն եւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն միջեւ «խաղաղ երկխօսութեան» ձեռնարկելու:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նախքան այդ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը Յունաստանի հետ լարուածութիւնը կ՛ուզէ երկխօսութեան ճամբով լուծել:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նոյն օրը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Կիպրոսի եւ Արեւելեան Միջերկրականի  ծանծաղուտներուն մէջ երկրաբանական հետախուզութեան հարցին մէջ «զիջում պիտի չկատարէ»:

«Այս հարցին մէջ մեր վճռականութիւնը անսասան է: Մենք ոչ մէկ ձեւով զիջում պիտի կատարենք», լրագրողներուն ըսաւ Չաւուշօղլու:

Ան նաեւ նշեց, որ թրքական կառավարութիւնը մտադիր է մինչեւ օգոստոսի վերջը տրամադրել վիճելի ջուրերուն մէջ հետախուզական հորատման համար նոր արտօնագիրներ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, սակայն, երէկ յայտարարեց. «Միջերկրական ծովուն մէջ միակ լուծումը երկխօսութիւնն ու բանակցութիւններն են, եւ Թուրքիան արկածախնդրութեան մը ետեւէն չի վազեր»:

Մինչ այդ, ֆրանսական բանակը յայտարարեց, թէ «Ռաֆալ» տիպի երկու պատերազմական օդանաւեր եւ «Լաֆայեթ» յածանաւը պիտի ուղարկէ արեւելեան Միջերկրական:

Նախորդը

Թրամփ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Իսրայէլը Այսօր Խաղաղութեան Պատմական Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

Յաջորդը

Լիբանանեան Հորիզոններ – Բ. Լիբանանցին Պիտի Խլէ՞ Ինքզինք Տնօրինելու Արտօնութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.