Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Սեւրի Պայմանագիրը Մինչեւ Այսօր Կը Մնայ Արդիական»

August 12, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակին առիթով Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.

«100 տարի առաջ` 10 օգոստոս 1920-ին, Փարիզի Սեւր արուարձանին մէջ ստորագրուեցաւ խաղաղութեան պայմանագիրը` մէկ կողմէ, իբրեւ գլխաւոր դաշնակից պետութիւններ, Բրիտանական կայսրութեան,  Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի, ինչպէս նաեւ անոնց դաշնակիցներ Հայաստանի, Պելճիքայի, Յունաստանի, Հիճազի (այժմու` Սէուտական Արաբիան), Լեհաստանի, Փորթուգալի, Ռումանիոյ, Սերպիա-Խրուաթիա-Սլովենական պետութեան եւ Չեխոսլովաքիոյ, իսկ միւս կողմէ` Համաշխարհային Ա. պատերազմին պարտութիւն կրած Թուրքիոյ կողմէ:

Սեւրի պայմանագիրը խարսխուած էր ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան գաղափարներուն վրայ` նպատակ ունենալով վերջ դնել բռնատիրութիւններուն եւ ազատութիւն ու անկախութիւն շնորհել շրջանի ժողովուրդներուն` իրենց պատմական տարածքներուն մէջ:

Պայմանագիրը կը փաստէր հայերու իրաւատիրութիւնը Հայկական լեռնաշխարհի պատմական հայկական տարածքներուն նկատմամբ:

Յատկապէս` 89-րդ յօդուածով կը նախատեսուէր, որ Թուրքիան ու Հայաստանը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ սահմանազատումը ձգել Միացեալ Նահանգներու որոշումին, որուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը պէտք է կազմէր շուրջ 160 հազար քիլոմեթր` դէպի Սեւ ծով ելքով:

Սեւրի պայմանագիրի Հայաստանին վերաբերող դրոյթները չեն իրականացած միջազգային եւ շրջանային շարք մը քաղաքական հոլովոյթներու պատճառով: Սակայն պայմանագիրը երբեւէ ուժը կորսնցուցած չէ յայտարարուած եւ մինչեւ օրս կը մնայ արդիական»:

 

 

Նախորդը

Հայաստանը Երրորդ Թռիչքով Պէյրութ Ուղարկած Է Աւելի Քան 12 Թոն Մարդասիրական Աջակցութիւն

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մամլոյ Բանբերը Անդրադարձած Է Թուրքիոյ Յայտարարութեան

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.