Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնթրէալէն Մեր Քաջալերանքն Ու Զօրակցութիւնը

August 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ

4 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը այնքան ուժգին էր, որ ցնցեց մեզ բոլորս՝ մինչեւ Գանատա:

Թեւերը թափահարող վիրաւոր թռչունի մը նման, անհանդարտ էի եւ անզօր: Անհնար էր կեդրոնանալ  ու աշխատիլ… Ցրուած էր միտքս, կտոր-կտոր էր սիրտս… Շատ յուզուած, միայն աղօթեցի… շա՜տ աղօթեցի… երկա՜ր աղօթեցի: Աղօթեցի բոլորին համար, բայց մասնաւորապէս լիբանանահայութեան համար: Անհամբեր էի նախ՝ իմանալու անխտիր, իւրաքանչիւր ընկերոջ ու հարազատի, նաեւ իւրաքանչիւր ծանօթ թէ անծանօթ հայու որպիսութեան մասին. յետոյ՝ տեղեկանալու նաեւ մեր ազգային կառոյցներուն մասին: Շունչ մը քաշեցի երբ հետեւեցայ Հորիզոն Շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր՝ ընկ.Վահագն Գարագաշեանին վարած հարցազրոյցին Լիբանանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ ընկ. Յակոբ Հաւաթեանին հետ: Նիւթական կորուստը աննկարագրելի էր: Հոգեկան ցնցումը՝ ահաւոր… Արցունքներս սրբեցի եւ ցասումով մը դիւցազնի աղաղակեցի. «Սիրելի հարազատ քոյրեր, եղբայներ մի՛ մոռնաք թէ մենք ձեր կողքին ենք, ու կը մնանք միշտ ձեր կողքին: Ծիծեռնակին նման նորէ՛ն կը շինենք մեր բոյնը, առանց յուսահատելու: Թո՛ղ նիւթին գայ, կարեւորը ըլլաք դուք լաւ եւ առողջ: Թո՛ղ շուտով ապաքինուին մեր բոլոր վիրաւորներուն վէրքերը: Թո՛ղ մեր աղօթքները սփոփեն ու մխիթարեն տառապող բոլոր հոգիները: Թող մի՛շտ ղօղանջեն մեր եկեղեցիներուն զանգերը՝ համայն աշխարհին յիշեցնելով հայու աննկուն կամքը: Թող մի՛շտ կարկաչէ մեր մայրենի քաղցր լեզուն Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, ամէն կողմ: Թող մի՛շտ գեղգեղեն սոխակները Վանայ Ձայնէն: Թող մի՛շտ շարուին, խիզախ հայ զինուորներուն նման, հայ տառերը կողք-կողքի, ԱԶԴԱԿ-ի յարկին տակ սիրելի եւ լոյս տեսնէ հայ մամուլը սխրալի»:

Կողքիդ ենք, սիրելի լիբանանահայ. ինչպէս միշտ, փիւնիկի նման մոխիրներու մէջէն վերականգնի՛ր եւ մնա՛ ճառագայթող փարոսը սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներուն:

5 Օգոստոս 2020 – Մոնթրէալ                     

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Լիբանանի համար հանգանակեց 50,000 տոլար

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Թրամփ Ներկայիս Զբաղած Է, Եւ Այսրյորդանանի` Իսրայէլի Կցման Ծրագիրը Ներկայիս Իր Առաջնահերթութիւններէն Չէ»

RelatedPosts

Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ

November 9, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Ինքնութիւն, Նկարագիր, Դիմագիծ

November 9, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.