Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շահէ Արք. Փանոսեան Լիբանանահայ Ընկերային Ծառայողներուն Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

August 11, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին հրաւէրով, երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան անդամներու հետ հանդիպում:

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիսթին Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը առաւել եւս դժուարութիւնները բարդացուց, սակայն լիբանանահայութիւնը այսօր ալ պիտի վերականգնի եւ յաղթահարէ տագնապները:

Ապա խօսք առաւ նորահաստատ «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ այսօր Լիբանանի համայնքը իր ամբողջ կարողականութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ մարմինը Արամ Ա.  վեհափառ հայրապետին ճշդած առաջնահերթութեանց կարգով, այս փուլին նախապատուութիւն պիտի տայ բնակարաններու ու համայնքային վնասները արժեւորելու եւ նորոգութիւններ իրականացնելու աշխատանքներուն: Զուգահեռաբար, ուշադրութեան պիտի արժանանան նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ յայտնուած առողջապահական կարիքները ու կրթական ոլորտը: Այս առիթով, Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ մարմինը այսօր գումարելով իր անդրանիկ նիստը, անմիջապէս անցած է աշխատանքի, եւ արդէն իսկ յառաջիկայ ժամերուն պիտի ունենայ իր գրասենեակը եւ հարկ եղած կապի միջոցները:

Այնուհետեւ, ներկաները քննարկեցին այս կացութիւններուն մէջ ընկերային ծառայողներու դերակատարութիւնը եւ աշխատանքներու մասնակցութեան կարելի միջոցները: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ծանօթանալու ծառայողական հաստատութիւններու գործունէութեանց:

Աւարտին, Շահէ արք. Փանոսեան ըսաւ, որ Պէյրութի պայթումը մեր իրականութեան մէջ ստեղծեց նոր կացութիւն եւ տագնապներուն վրայ աւելցուց յաւելեալ խնդիրներ, զորս դիմագրաւելու համար կարիքը ունինք մեր ընկերային ծառայողներու աջակցութեան: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի 3000 ընտանիքներու ուտեստեղէնի կտրօններու ցրուումի նախապատրաստական աշխատանքները իրենց աւարտին հասած են, եւ գալիք օրերուն շրջան առ շրջան ընթացք կ՛առնէ կտրօններու ցրուումը: Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, որ լիբանանահայութեան վերականգնումը հիմնահարց  է ամբողջ հայութեան համար, որուն իրականացման ի խնդիր» պարտինք ըլլալ կազմակերպ եւ ծառայողական ոգիով ու միացեալ կամքով  լծուիլ աշխատանքի, որպէսզի յաղաթահարենք մեր ժողովուրդին դիմաց գտնուող անհամեմատօրէն բարդ ու դժուարին խնդիրները:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայաստանէն Եւ Արցախէն Մարդասիրական Օժանդակութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.