Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանէն Օգնութեան Առաջին Խմբաքանակը Հասած Է Պէյրութ

August 10, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանէն օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Պէյրութ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

«Հայաստանի կողմէ եղբայրական Լիբանանին տրամադրուելիք օգնութեան երեք խմբաքանակներէն առաջինը արդէն հասած է Պէյրութ: Հայաստանէն Պեյրութին` ի խորոց սրտի», նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Հայաստանը առաջին թռիչքով իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն Լիբանան ուղարկած է դեղորայք եւ առողջապահական պարագաներ: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնած էր Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր  յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ նոյնպէս մեկնած է Լիբանան` տեղւոյն հայկական համայնքի խնդիրներուն ծանօթանալու նպատակով: «Մենք, շատ նրբանկատ գտնուելով, Լիբանանի մէջ մեր համայնքի շահերէն մեկնելով` առաջին բեռը կ՛ուղարկենք Լիբանանի ժողովուրդին, Լիբանանի պետութեան համար, որպէսզի հարց չծագի, թէ ինչո՛ւ առանձին մօտեցում կը ցուցաբերուի Լիբանանի հայկական համայնքին, եւ ոչ թէ Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին: Երկրորդ թռիչքով արդէն հայկական համայնքին համար պիտի ըլլայ մթերք, ամէն ինչ, որ համայնքը անհրաժեշտ կը նկատէ ըստ ցուցակներու, որոնք արդէն ստացած ենք: Նոյնը նաեւ երրորդ թռիչքով: Շատ կարեւոր կը նկատենք, որ Լիբանանի ժողովուրդը հասկնայ, թէ մենք կը յիշենք այն դրական դերը, որ անոնք ունեցած են մեր ժողովուրդի ճակատագիրին մէջ, մանաւանդ Ցեղասպանութենէն ետք, երբ անոնք թոյլ տուած են, որ մեր հայրենակիցները այնտեղ հաստատուին եւ բարգաւաճին երկար տարիներ», նշած էր ան:

Սինանեան աւելցուցած էր, որ Լիբանան կը մեկնին այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ երկիրը ալեկոծուած է: «Բայց Լիբանանի ժողովուրդը մեզի համար եղբայրական ժողովուրդ է, պետութիւնն ալ մեզի  համար եղբայրական պետութիւն է», ըսաւ Սինանեան:

Մարդասիրական բեռներու արկղերը ունէին հետեւեալ մակագրութիւնը` «Հայաստանի սրտէն` Պէյրութին»:

Զարեհ Սինանեան յայտնած է, որ յաջորդ թռիչքը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին, իսկ երրորդը` 11 օգոստոսին: Անոր համաձայն, սակայն, ասիկա չի նշանակեր, թէ այսքանով պիտի սահմանափակուին:

 

Նախորդը

«Պէյրութի Եւ Լիբանանցի Ժողովուրդի Աջակցութեան Խորհրդաժողով»-ը Կը Յայտարարէ. Միջազգային Ընտանիքն Ու Լիբանանի Ամէնէն Սերտ Բարեկամները Յուսախաբ Պիտի Չընեն Լիբանանցի Ժողովուրդը. Շուրջ 253 Միլիոն Եւրոյի Անմիջական Օժանդակութեան Խոստում

Յաջորդը

Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.