Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Զօրակցութեան Իր Կարճատեւ Այցելութեան Ընթացքին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշել Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

August 10, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու Լիբանան կատարած զօրակցական այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել  շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութեամբ հասաւ Լիբանան եւ անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ երկրի ղեկավարներուն եւ առնչակից ներկայացուցիչներուն հետ: Անոր կ’ընկերանային Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆ եւ Միութեան ներկայացուցչութեան անձնակազմէն անդամներ:

Այս ծիրին մէջ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը այցելեց նաեւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Պուրճ Համուտի կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ անոնք միասնաբար շրջեցան հաստատութեան զանազան բաժանմունքները:

Այս առիթով Շարլ Միշել եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը մօտէն ծանօթացան «Գարակէօզեան» հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութեան, յատկապէս` անմիջական բուժօգնութեան եւ նախնական դարմանումի փրկարար ճիգերուն:  Շարլ Միշել բարձր գնահատեց հաստատութեան անձնակազմին ցուցաբերած նախանձախնդիր ոգին` առաւելագոյն թիւով վիրաւորներու դարմանումին հասնելու գծով:

Այս առիթով Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շեշտեց Լիբանանի զօրակցութեան իր պատրաստակամութիւնը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Կը Հաւատամ Մէկ Բանի` Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Ապրի, Հոս Պիտի Մնայ: Ան Որ Կը Փափաքի Ձգել Այս Երկիրը, Մէկ Ուղղութիւն Ունի` Հայաստա՛ն» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ Հայրապետին Հետ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.