Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Պայէրն Միւնիխ կ’ուզէ ծախել իր ֆութպոլիստին՝ Ժըրոմ Պոաթենկին, այս գծով յայտնեց գերմանական «Bild» հանրածանօթ մարզաթերթը:
Միւնիխեան ակումբը չի պատրաստուիր նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել անոր, թէեւ յետսապահը փափաք ունի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Գերմանիոյ ախոյեանին հետ:
Նշենք, որ 31 տարեկան Պոաթենկի պայմանագրութիւնը Պայէրնի հետ կ’աւարտի 2021-ին:
Գերմանացի Պոաթենկ, Պունտըսլիկայի 2019-2020 տարեշրջանի աւարտած ախոյեանութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ 34 մրցումի, նշանակելով երկու կոլ:



