Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կեցուածքներ` Պէյրութի Պայթումին Վերաբերեալ

August 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր արաբական խմբակին պահանջով պիտի գումարէ ժողով մը` քննարկելու համար Պէյրութի պայթումին հետեւանքները:

– Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց. «Կ՛աղօթենք Պէյրութի պայթումի զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ կ՛աղօթենք Լիբանանի համար, որպէսզի անոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բոլոր բաղադրիչ մասերը կարենան դիմակայել այս ողբերգական ու ցաւալի փուլը»:

– Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Աշրաֆ Տապպուրին ցուցմունք տուաւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան բոլոր կարելիութիւնները դնելու լիբանանցի եղբայրներու տրամադրութեան տակ:

– Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել` անդրադառնալով Պէյրութի պայթումին, յայտնեց.«Դաշնակցային կառավարութիւնը ցնցուեցաւ տեղեկութիւններէն եւ լուսանկարներէն: Մեր սրտերը իրենց հարազատները կորսնցուցածներուն հետ են: Վիրաւորներուն շուտափոյթ դարմանում կը մաղթենք: Մենք Լիբանանին մեր աջակցութիւնը պիտի տրամադրենք»:

– Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իր երկիրը քաղաքային պաշտպանութեան ուժերէ խմբակներ եւ թոներով բժշկական օժանդակութիւններ ուղարկած է Լիբանան` անոր օժանդակելու համար: Ան նախապէս յայտարարած էր. «Ֆրանսան միշտ Լիբանանի կողքին կը կանգնի»:

– Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Մեր մտքերն ու աղօթքները Լիբանանի մեծ եւ ուրախ ժողովուրդի հետ են… Իրան պատրաստ է որեւէ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելու: Մնա՛ ամուր, Լիբանան»:

– Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ. «Կը մտածենք այս աղէտալի պայթումէն բոլոր վնասուածներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց մասին, որոնք կը փորձեն իրենց բարեկամներէն կամ ընտանիքի անդամներէն մէկը փրկել, կամ անոնց մասին, որոնք իրենց հարազատներէն մէկը կորսնցուցին: Մենք պատրաստ ենք անոնց օժանդակելու»:

– ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու հարազատներուն, Լիբանանի ժողովուրդին ու կառավարութեան` շուտափոյթ դարմանում մաղթելով վիրաւորներուն, «որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ աշխատող ՄԱԿ-ի շարք մը պաշտօնեաներուն»: «ՄԱԿ-ը կը շարունակէ յանձնառու մնալ այս դժուար ժամանակին մէջ Լիբանանին աջակցութեան, եւ աշխուժօրէն կ՛օգնէ այս արկածին դիմակայման», շեշտեց ան:

– Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, նախագահի պաշտօնին դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց Լիբանանին օժանդակութիւններ ուղարկելու: «Մեր սիրտն ու աղօթքները լիբանանցի ժողովուրդին հետ են, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ ահաւոր պայթումին զոհերուն հետ», ըսաւ ան:

– Փարիզի քաղաքապետ Ան Իտալկօ Փարիզի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանին յայտնեց, որ որոշուած է Կարմիր խաչին ճամբով Լիբանանի մէջ վնասուածներուն տրամադրել 200 հազար եւրօ արժողութեամբ օժանդակութիւններ, ինչպէս նաեւ Էյֆելեան աշտարակի լոյսերը «այսօր գիշեր» (երէկ, «Ա.») պիտի անջատուին` առ ի զօրակցութիւն Լիբանանին: Մարսէյի քաղաքապետ Միշել Ռուպիրոլա իր կարգին հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս Սոնիա Ապու Ազարի հետ եւ անոր յայտնեց քաղաքային պաշտպանութեան եւ անմիջական օժանդակութեան մէջ մասնագիտացած խումբի մը յատուկ թռիչքով Պէյրութ ուղարկման մասին: Քաղաքապետը նաեւ յայտնեց, թէ Մարսէյի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ դրօշը կիսով պիտի ծածանի` իբրեւ սուգի եւ աղէտալի պատահարին մէջ լիբանանցիներուն զօրակցութեան նշան:

 

 

Նախորդը

ԿՈՉ

Յաջորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Պիտի Խստացնեն Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցները

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.