Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 16, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ 12 փետրուարին` Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնի ունեցած ժամադրութիւններու խաչաձեւումներուն պատճառով: Նշենք, որ շաբաթավերջին վարչապետ Միքաթի ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որ ընդգծեց, թէ ինք տակաւին Եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին: Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ցաւով նշեց, որ Լիբանանը մէկ պետութիւն չէ, այլ պետութիւններ, իսկ երկրին իշխանութիւնները անհոգ են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնը գրեթէ խզուած է` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իրենց յարաբերութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա ընդգծած է, որ Միքաթիի հրաժարականով Լիբանանը հրաժարած պիտի ըլլայ:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկան շաբաթավերջին իր կեդրոնին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` ընտրական օրէնքը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելման առումով ամէնէն աւելի հաւանական է, որ Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը վաւերացուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան քաղաքական կողմեր, որոնք վերածուած են Սուրիոյ դէմ ընդդիմութեան խմբակներու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող նշանակումներուն մեծամասնութիւնը որոշելու իր իրաւունքին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով երկրին ապահովական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, այցելելէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, յայտնեց, որ Պըրրիի հետ իրենց տեսակէտները նոյնանման են: Ան ընդգծեց նաեւ, որ իրենք կը զօրակցին Պըրրիի` դիմագրաւելու համար Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան շաբաթավերջին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լուռ մնալ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին եւ սուրիացի ժողովուրդը իր վարչակարգին, բանակին եւ կառավարութեան դէմ հրահրելու իրականութեան դիմաց:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ շաբաթավերջին ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմը եւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան ապահովական հարցեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կեցուածքներուն մէջ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է` աւելցնելով, որ ՄԱԿ ոչ մէկ ձեւով կրնայ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել` գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ իրենք Լիբանան-Սուրիա սահմանային հարցերն ու սահմանամերձ շրջաններուն իրավիճակը չեն քննարկած:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի միջեւ խորհրդակցութիւնները երբեք չեն անդրադարձած սուրիական թղթածրարին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն էր շեշտել, որ Լիբանանի մէջ պէտք չէ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկել, այլ` Հըզպալլան զինաթափելու հեռանկարները:

 

 

Նախորդը

ՕՊԱՄԱ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՇՈՒՐԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.