Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԱՅԴ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՌԱՋԱՐԿԷՆ ԵՏՔ «ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԺՈՂՈՎԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՊԻ

January 16, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քաթարի իշխանը

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆայի հետ Մանամայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական լիկայի նախարարական մակարդակով յառաջիկայ ժողովը պիտի քննարկէ Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու Քաթարի առաջարկը: Ան ըսաւ, որ գոյութիւն ունի սուրիական տագնապը լուծելու ծրագիր մը, ըստ որուն, սուրիացիները իրենք կը ճշդեն իրենց ճակատագիրը:

Արապի շեշտեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը խնդիրներու, բռնարարքներու եւ զոհերու գոյութեան պատճառով անընդունելի է»: Ան ըսաւ, որ իր կատարած արաբական շրջապտոյտին նպատակը Սուրիոյ մէջ արաբական ներկայութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւններու քննարկումը եւ Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ շրջանի առաքելութիւն ճշդելն է:

Նշենք, որ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի շաբաթ օր ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեան» յայտագիրէն հարցազրոյցի մը ընթացքին առաջարկած էր արիւնահեղութիւնը կասեցնելու համար արաբական ուժեր Սուրիա ուղարկել:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին կարեւորութիւն չընծայեց Քաթարի իշխանի այդ առաջարկին` նշելով, որ «Քաթար Արաբական լիկայի անդամ 22 երկիրներէն միայն մէկն է»:

Ան ըսաւ, որ Արաբական լիկան պէտք է քննարկէ այսպիսի առաջարկները` ողջունելով լիկային ներկայիս տարած աշխատանքը:

Հէյկ ըսաւ, որ «մօտէն կը սերտենք նախագահ Պաշշար Ասատի` անցեալ ամիսներուն ընթացքին գործուած ոճիրներուն համար հրապարակած ներումը, որովհետեւ սուրիական կառավարութիւնը վարժուած է ներում յայտարարելու, սակայն անոր գործադրութեան ստուգումը շատ կը դժուարացնէ»:

Նշենք, որ սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախագահ Ասատ հրապարակած է նախագահական հրամանագիր մը, ըստ որուն 15 մարտ 2011-էն ի վեր տեղի ունեցած դէպքերուն ընթացքին գործուած ոճիրներուն համար ներում կը շնորհուի:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յոյս յայտնեց, որ Արաբական լիկան դէտերու առաքելութեամբ չբաւարարուի: Ան դատապարտեց Սուրիոյ նկատմամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին լռութիւնը` յայտնելով, որ այդտեղ կացութիւնը «անտանելի» է: Ան նշեց, որ Արաբական լիկան գետնի վրայ կացութեան գնահատական մը տալու համար ինքնիրեն մինչեւ 19 յունուար պայմանաժամ տուած է:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ատնան Մահմուտ յայտնեց, որ մինչեւ օրս արաբական եւ օտար 147 լրատուամիջոցներու արտօնութիւն տրուած է իրադարձութեանց անդրադառնալու համար Սուրիա մուտք գործել: Անոնցմէ 116-ը արդէն մուտք գործած են, իսկ 90 ուրիշներու լրագրողները մնայուն կերպով Սուրիոյ մէջ կը գործեն: Ան նշեց, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն Սուրիոյ մէջ 10 օր ներկայութեան արտօնութիւն կը տրուի, սակայն այդ ժամկէտը երկարաձգելի է, եւ անոնց ազատութիւն կը տրուի շրջագայելու, հանդիպումներ կատարելու:

Ռուս ընդդիմադիր ղեկավար, Ռուսիոյ նախկին փոխվարչապետ Պորիս Նեմցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ռուսական ընդդիմութիւնը վարչակարգը տապալելու սուրիացի ժողովուրդին պահանջներուն հետ է»: Ան Ասատին կոչ ուղղեց իշխանութենէն հեռանալու` «Արաբական գարնան» նկատմամբ Քրեմլինի վարած քաղաքականութիւնը, մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ պարագային «ռազմավարական աղէտ» նկատելով:

 

 

Նախորդը

ԹԵՀՐԱՆ ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Յաջորդը

ՕՊԱՄԱ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.