Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Տօնոյեան Մեկնաբանեց Ազրպէյճանի Ռազմատենչ Յայտարարութիւնները. «Այնպէս Չէ, Որ Մենք Հրամանի Չենք Սպասեր»

August 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութեան կատարած մեկնաբանութեան մէջ յայտարարած է, որ իրեն համար անհասկնալի են Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները:

«Ազրպէյճանի ընդհանուր հրամանատարը օգտագործած է «քանի ուշ չէ» արտայայտութիւնը, որ` հայկական ուժերը պէտք է լքեն իր նշած տարածքները: Հաշուի առնելով, որ մեր վարչապետը եւ Արցախի նախագահը նման արտայայտութիւններով չէ, որ հանդէս կու գան միշտ, հակառակը` կոչ կ՛ուղղեն խաղաղութեան ու բանակցութիւններու շարունակականութեան, մեզի համար անհասկնալի են այդպիսի արտայայտութիւններ: Իբրեւ պաշտպանութեան նախարար` կ’ուզէի հասկնալ` «քանի ուշ»-ը ե՞րբ է», ըսաւ Տօնոյեան:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան այն յայտարարութիւններուն, որ պատրաստ են գործողութիւններու սկսելու եւ միայն հրամանի կը սպասեն` Դաւիթ Տօնոյեան ըսաւ. «Այնպէս չէ, որ մենք հրամանի չենք սպասեր»:

«Տաւուշի մարտական գործողութիւնները վառ ապացոյց են, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ, թէեւ թշնամին օգտագործեց գերժամանակակից միջոցներ,  բայց եւ այնպէս յաջողութեան չհասաւ ու ունեցաւ բազմաթիւ կորուստներ», շեշտեց Տօնոյեան:

Իսկ Արցախ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Ջալալ Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ այցելեց բանակի կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող շարք մը զօրամասեր եւ առանձին ստորաբաժանումներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ ընկերային-կենցաղային պայմաններուն ու ծառայութեան այն հարցերուն, որոնք լուծման կարիք ունին:

Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: Ան նշեց, որ Դաւիթ Տօնոյեան 30-31 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն այցելեց հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ փոխհամագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի ծիրին մէջ:

Նախարար Տօնոյեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուց նաեւ բանակին մէջ վերջին շրջանին ներդրուած նորագոյն զինատեսակներուն եւ արդիականացած ռազմական համակարգերուն, նաեւ` ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներուն:

Հայկական երկու հանրապետութիւններուն պաշտպանութեան նախարարները այցելեցին բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրային եւ թիկունքային նշանակութեան տարբեր կառոյցներ, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային ընթացիկ եւ հաւանական զարգացումներուն, հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ այդ պարունակին մէջ` մասնաւորապէս այն կատարուելիք համակարգային աշխատանքներուն, որոնք դրուած են պաշտպանական գերատեսչութիւններուն առջեւ:

Ըստ Շուշան Ստեփանեանի` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այցելեց նաեւ Հայաստանի արեւմտեան սահմանագօտի, ուր Հայաստանի զինուորական ծառայողները տեղադրած են նոր մարտական յենակէտ:

Նախարարը նոր յենակէտէն տեսադիտարկման համակարգով հետեւեցաւ սահմանի պահպանութեան ընթացքին, լսեց հրամանատարութեան զեկոյցներ, եւ տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ:

Նախորդը

Քաջ Եղէ՛ք Ու Հպարտ (Տիկին Գանտահարեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Նախարարներ Մնացականեան Եւ Մայիլեան Ընդգծեցին Զինադադարի Դրութեան Վերահսկման Մեքանիզմներու Ներդրման Հրամայականը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.