Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարը, որուն հետ քննարկեց ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ թեքնիք խանգարումը, որուն պատճառով աւելցած են ելեկտրականութեան ընդհատումի ժամերը: Քննարկուեցան նաեւ վառելանիւթի տագնապին վերաբերող հարցեր:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքը հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն կազմել աշխատանքային նոր խմբակ մը, որ ստանձնէ երկրին իշխանութիւնը եւ կարենայ դիմադրել մարտահրաւէրներուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: Քաղաքական խորհուրդը ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութենէն կը պահանջուի ինքզինք փաստել, իսկ լիբանանցիները կը մերժեն Լիբանանը վերածել շրջանային օրակարգերու ծառայող «նամակատան»:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանան-բռնագրաւուած Պաղեստին սահմանին վրայ ցնցումները մնայուն կերպով առկայ են, այնքան ատեն որ Հըզպալլա կը սպառնայ վրէժ լուծել:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ «Սիտըր օքսիճեն» ֆոնտին կողմէ ճարտարարուեստի մարզին զօրակցութիւնը կը նպաստէ երկրին տնտեսական կայունութեան: Ան հաստատեց, որ «Սիտըր օքսիճեն» ֆոնտը առանձին ֆոնտ մըն է, որ 175 միլիոն տոլարի պիւտճէ կը յատկացնէ ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման նպատակով ներդրումներ կատարելու, «եւ այս ծրագիրը դրական է Լիբանանի տնտեսութեան համար», աւելցուց Սալամէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ ոչ ոքի արտօնուած է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւններուն վնաս հասցնել:

«ՌԱՄՔՕ» աղբահանումի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Մեթնի, Քեսրուանի եւ Պէյրութի բնակիչները իրենց շրջաններու աղբամաններուն մէջ աղբը պէտք է թափեն երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ մինչեւ կէս գիշեր, որպէսզի ընկերութիւնը կարենայ իր պաշտօնեաներուն աշխատանքի ժամերը ճշդել: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ընկերութեան պաշտօնեաներուն մէջ կայ «Քորոնա» ժահրով վարակուած նկատառելի թիւ մը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Սպառնայ Հըզպալլան Թաղել Լիբանանի Աւերակներուն Տակ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.