Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որդեգրեց Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը Մինչեւ 30 Օգոստոս Երկարաձգելու Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդին Յանձնարարութիւնը

July 29, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը Այսօր ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան
Խորհուրդին Պիտի Ներկայացնէ Բողոքագիր Մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն լիբանանցիները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով:

Ան շեշտեց, որ պէտք է անյապաղ արձակել դատական վճիռները, որովհետեւ ուշացած արդարութիւնը արդարութիւն չէ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան Լիբանան այցելութեան ընթացքին հաստատած է, որ կառավարութեան կողմէ իրաւական հաշուեքննութիւնը վաւերացնելու քայլը լիբանանեան պետութեան կերտումի  իմաստով գործնական քայլ մըն է:

Իր կարգին, վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութիւնը ընդգծած է, որ ցարդ Լիբանանին օժանդակելու միջազգային որոշում չկայ:

Տիապ հաստատեց, որ պէտք է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդուի` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուելիք խորհրդակցութիւններու երկրորդ փուլին ընթացքին պէտք է լիբանանեան միացեալ կեցուածքով ներկայանալ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պարտականութիւն տուած է ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիի` «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան հետ ստորագրելու Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն վերաբերող իրաւական հաշուեքննութիւնը կատարելու պայմանագիրը:

Ըստ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմի, Ուազնի այդ պայմանագիրը պիտի ստորագրէ Օրէնսդրութեան եւ խորհրդատուութիւններու խորհուրդին հետ հանդիպելէ ետք:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է ինքնաշարժներու մեքանիզմի 2020-ի տուրքը ջնջելու: «Բոլոր անոնք, որոնք 2019-ի տուրքը վճարած են, 2020-ը պիտի չվճարեն, իսկ ով որ 2020-ի տուրքը վճարած է` անոր 2021-ի տուրքը պիտի ջնջուի», նշեց ան:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ ինքնաշարժի յատուկ թիւեր կրելու տուրքերը չեն ջնջուած: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին պարտականութիւն տուած է Պաալպեք-Հերմելի հրդեհներուն եւ հարաւային Լիբանանի Հապպարիէ շրջանին վրայ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումին վնասները արժեւորելու եւ հատուցելու աշխատանքը կատարել:

Աշխատանքի նախարար Լամիա Եամմին կառավարութենէն պահանջեց աշխատավարձի յաւելում ճշդել: Այս իմաստով վարչապետ Տիապ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիին պարտականութիւն տուաւ սերտելու կարելիութիւնները:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ երկրին մէջ ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը մինչեւ 30 օգոստոս երկարաձգելու յանձնարարութեան:

Ապտել Սամատ շեշտեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը պիտի ընթանայ 5-2-5 տարազին հիման վրայ` աւելցնելով, որ անիկա հիմնուած է յստակ ուսումնասիրութեան մը վրայ:

Ան ընդգծեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պիտի մնայ բաց` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը աճ արձանագրած է լիբանանցիներուն կողմէ ընկերային հեռաւորութիւնը չյարգելու եւ քթակապը չգործածելու պատճառով:

Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր բողոքագիր մը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` միջազգային ընտանիքը պատասխանատու նկատելով Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած յարձակումին եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտումին:

Հըթթի հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու թիւն ու պարտականութիւնները պահելու անփոփոխ:

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ

Նախքան կառավարութեան նիստը, նախագահ Աուն առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ երկրին մէջ յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը երկարաձգել մինչեւ 30 օգոստոս, համաձայն գտնուելով օր մը առաջ ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած միջոցառումներուն` վայրերու փակման իմաստով:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած յարձակումը` զայն նկատելով Լիբանանի ապահովական կայունութեան դէմ սպառնալիք, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ մօտիկ ապագային ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի երկարաձգէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութեան ժամկէտը:

Վարչապետ Տիապ դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած յարձակումը` զայն նկատելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում եւ զինուորական վտանգաւոր մագլցում:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Զգուշութիւնները Կը Խստանան, Եւ Լիբանան Կը Վերադառնայ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Յաջորդը

Թշնամիի Կրակոցէն Զոհուած Քափիթենին Շնորհուած Է «Մարտական Խաչ» Ա. Աստիճանի Շքանշան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.