Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3260-ի, Մահուան Պարագաներունը` 43-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1619-ի

July 24, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Պայքարի Շրջագիծին Մէջ Կլկլակի Մատուցումը Բացարձակապէս Կ՛արգիլուի, Իսկ Քթակապ Չկրելու Պարագային 50.000 Լ. Ոսկիի Տուգանք Կ՛որդեգրուի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 3260-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 156 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 132-ը տեղացիներ, իսկ 24-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 43 պարագաներ մահացած են, իսկ 1619 ուրիշներ` ապաքինած:

Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համաճարակին արձանագրած «աշխուժութիւն»-ը, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ հրապարակեց նոր հրամանագիր մը, որուն համաձայն, նախազգուշութիւններ որդեգրելու քայլերը կը դառնան պարտադիր, այլապէս կը դիմուի պատժական խիստ միջոցներու:

Հրամանագիրին համաձայն, պատիժներէն մէկը կրնայ ըլլալ թիւ 604 յօդուածի գործադրութիւնը, որ կը հաստատէ, որ համաճարակներու պարագային նախազգուշութիւններու չդիմող եւ անխոհեմութեամբ վարուողն ու ուրիշը վարակողը կրնայ նուազագոյնը վեց ամսուան բանտարկութեան ենթարկուիլ` նկատի ունենալով, որ բանտարկութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ երեք տարուան:

Ըստ նախարարութեան հրապարակած հրամանագիրին, ցարդ երկիրը փակելու որոշում չկայ, եւ որպէսզի նման քայլի չդիմուի, ապա բոլոր քաղաքացիներուն համար քթակապ կրելը պարտադիր է:

Բոլոր հաստատութիւնները, վաճառատուները, ընկերութիւնները, գործարանները, սրահները` տարբեր առիթներու, ճաշարանները, սրճարանները, գիշերային զբօսավայրերը (ներառեալ` բացօթեայ ճաշարանները, սրճարաններն ու գիշերային զբօսավայրերը), պանդոկները, լողաւազանները, շուկաներն ու հանրախանութները պէտք է հականեխուին:

Հրամանագիրը կը հաստատէ նաեւ քթակապ կրելու կարեւորութիւնը, այլապէս ենթական 50.000 լ. ոսկիի տուգանք կը վճարէ:

Ըստ հրամանագիրին, քաղաքացիները ընդհանրապէս պէտք է յարգեն ընկերային հեռաւորութիւնները, իսկ բոլոր ճաշարաններուն, սրճարաններուն եւ գիշերային զբօսավայրերուն մէջ կլկլակի մատուցումը բացարձակապէս կ՛արգիլուի: Օրէնքի խախտումին պարագային տուեալ հաստատութիւնը կը փակուի, իսկ կլկլակ ծխողը կը տուգանուի:

Ֆահմիի հրամանագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերն ու Ընդհանուր ապահովութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ պիտի խստացնեն նախազգուշացման միջոցառումները:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ տակաւին շատ կանուխ է յայտարարելու, թէ «Քորոնա» ժահրը տապալած ենք` աւելցնելով, որ բժշկական առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հասարակութեան կողմէ որդեգրուած նախազգուշութիւնները պէտք է շարունակուին:

Հասան ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին չորրորդ փուլին մէջ կը գտնուի Լիբանանը` ընդգծելով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի աճին հիմնական պատճառը Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբացումն է:

Ան հաստատեց, որ կարգ մը ճամբորդներու կողմէ նախազգուշութիւններ չորդեգրելը միացեալ պատասխանատուութիւն է:

Հասան հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը բաց պիտի մնայ, իսկ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու միտումներ չկան:

«Մենք կը շարունակենք «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն հետապնդումը, որպէսզի կարենանք ճշդել վարակումին աղբիւրը եւ ըստ այնմ որոշ շրջաններ կամ թաղամասեր փակելով կարենանք հակակշիռի տակ առնել վարակումի թափը, ինչպէս էր պարագան Պշարրէի, Պարժայի, Հարաւային արուարձաններուն եւ այլ շրջաններու մէջ», ըսաւ ան:

Ուսումնական յառաջիկայ տարեշրջանին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հասան յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանին մէջ որդեգրուած դասաւորումները` առողջապահութեան նախարարութեան եւ Կարմիր խաչին հետ համագործակցաբար, ցոյց տուած են յաջող փորձ մը, որ դրական ցուցանիշ է դպրոցական եւ համալսարանական կրթական յառաջիկայ տարեշրջանը սկսելու իմաստով:

 

Նախորդը

Տիապ. «Այն Ատեն, Երբ Երկրին Դէմ Ծառացող Մարտահրաւէրները Դիմակայելու Համար Պէտք Է Միասնական Ըլլանք, Կառավարութիւնը Քաղաքական Աղեղներու Թիրախ Կը Դառնայ»

Յաջորդը

Պըրրի Նախարարներ Աքրի, Ֆահմիի Եւ Քաթթարի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.