Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակի Եւ Պուլկարահայ Համայնքային Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

July 23, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անդրադառնալով 12 յուլիսին Հայաստանի վրայ սկսած ազրպէյճանական յարձակումներուն` Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակը եւ Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդը անջատ յայտարարութիւններով դատապարտեցին Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան` պատասխանատուութեան ենթարկելու նախայարձակ պետութիւնը:

Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Վերջին օրերուն Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը յարձակումներ կատարած են հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի` Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ` կրակոցներու թիրախ դարձնելով հայկական բնակավայրերն ու խաղաղ բնակչութիւնը: Նոյն ժամերուն Թուրքիոյ նախագահն ու պաշտպանութեան նախարարը, հրահրելով ստեղծուած լարուածութիւնը, հրապարակայնօրէն իրենց զօրակցութիւն յայտնած են  նախայարձակ Ազրպէյճանին` Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան դէմ կատարած այս ոտնձգութեան համար:

«Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնները, անգամ մը եւս արհամարհելով ՄԱԿ-ի սկզբունքներն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ճիգերը` Արցախեան հարցի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ, նորէն կը բացայայտեն իրենց ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոր ծալքերը:

«Թէեւ այս յարձակումները ձախողած են եւ ներկայ դրութեամբ յարաբերական անդորր կը տիրէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին, սակայն փաստ է, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեացութեան քաղաքականութեան վերջ չկայ, եւ հայկական կողմը պէտք է միշտ զգօն ու պատրաստ ըլլայ թշնամիի իւրաքանչիւր անմարդկային գործողութեան:

«Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակին անունով խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանի ռազմական սադրիչ գործողութիւնները եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ դերը` նշուած լարուածութեան հրահրման ուղղութեամբ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան` որքան կարելի շուտ պատասխանատուութեան ենթարկելու նախայարձակ պետութիւնը եւ անոր հովանաւորները` ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան դէմ կատարած հերթական ոտնձգութեան եւ տարածաշրջանին մէջ անապահովութիւն ու անկայունութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ համաճարակի դէմ համաշխարհային պայքարի այս ծանր ժամանակաշրջանին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ընդունուած առնուազն 90 օրով համաշխարհային զինադադար պահպանելու որոշումը անտեսելուն համար:

«Հայ ժողովուրդը միասնական է եւ պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող գործողութիւնները»:

Իսկ Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդին, որուն մաս կը կազմեն ՀՅԴ-ն, ՀԲԸՄ-ը (Սոֆիա, Պուրկաս, Վառնա, Փլովտիւ), ՀՕՄ-ը, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ը (Սոֆիա, Պուրկաս, Ռուսէ, Շումէն), Երեւան մշակութային միութիւնը, «Երեւան» թերթը, «Վահան» թերթը եւ «Բարեգործականի ձայն»-ը, յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Թուրքիոյ բացայայտ զօրակցութեամբ, ազրպէյճանական զօրքերը դարձեալ փորձ կատարեցին ներթափանցելու հայկական հողեր, այս անգամ` Հայաստանի հիւսիսարեւելեան Տաւուշի մարզի սահմաններէն, սակայն հանդիպեցան հայկական բանակին խրոխտ դիմադրութեան եւ ետ շպրտուեցան իրենց սահմաններէն ներս, կրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ: Այնուհետեւ անոնք դիմեցին իրենց հարազատ ոճին` ռմբակոծելով հայկական բնակավայրեր եւ խաղաղ բնակչութիւն:

«Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդը խստիւ կը դատապարտէ ազերիական այս կոպիտ խախտումը եւ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայոց ամրակուռ բանակին, որ արիաբար ու պատուով կ՛ապահովէ մեր երկրին ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը:

«Սոյն կացութեան գծով դիմած ենք Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պատկան մարմիններուն` անոնց ուշադրութեան յանձնելով մտահոգիչ այս մագլցումը, որ կրնայ հարուած հասցնել նաեւ տարածաշրջանային անդորրին, պահանջելով միջամտել եւ կատարել հարկն ու պատշաճը` դիւանագիտական առումով»:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա»-էն Մահացած Է Բժշկական Կազմին Մէջ Աշխատող Մը

Յաջորդը

Քանատայի Խորհրդարանի Ընդդիմադիր Պահպանողական Կուսակցութիւնը Եւ Պատգամաւոր Ֆայսալ Խուրի Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութիւնը

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.