Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 16, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏԸ
ՌՈՒՍ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ

Հինէն ի վեր հայ գիտնականները կարեւոր նպաստ մը բերած են ռուս գիտութեան:

Դեռ անցեալ դարու վերջերուն եւ մեր դարուն սկիզբը ռուս գիտութեան մէջ համբաւ վայելող անուններ էին, , ի շարս այլոց, գիտութիւններու համառուսական ակադեմիայի թղթակից – անդամ, երկրաբան Անդրէաս Արծրունի եւ ծանօթ հայ երգահան Ալ. Սպենդիարեանի եղբայրը` Լէոնիդ Սպենդիարեան:

Արծրունիի գիտական գործունէութեան դափնեպսակը եղաւ քիմիական տարրերու համաձեւ (իզոմորֆ) տասը շարքերու հաստատումը, որոնք իրենց գիտական արժէքը չեն կորսնցուցած մինչեւ այսօր եւ զանոնք, հետագային, զարգացուց ակադեմական Վերնադոկի:

Ակադ. Կարպենսկիի աշակերտ Լ. Սպենդիարեան մասնակցեցաւ երկրաբանութեան ութերորդ միջազգային համագումարէն առաջ կազմակերպուած Ուրալեան արշաւախումբին, իսկ անկէ առաջ մասնակցեցաւ Ցիւրիխի համագումարին եւ կը թողու կովկասեան ծովային ոզնիներուն նուիրուած արժէքաւոր հետազօտութիւն մը: Հայ գիտնականին մահէն  ետք իր անունով մրցանակ սահմանուեցաւ երկրաբանական լաւագոյն աշխատութեան համար: 1900-ին, ութերորդ համագումարին, Փարիզ, առաջին անգամ Սպենդիարեանի մրցանակը ստացաւ Կարպինսկի, այլ խօսքով` հայ գիտնականին ուսուցիչը: Այնուհետեւ կարգ մը պատկառելի եկրաբաններու աշխատութիւններ ալ արժանացան սոյն մրցանակին, որ այսօր ալ գոյութիւն ունի եւ երկրաբանութեան գիտութեան ամէնէն բարձր մարմինը` Միջազգային համագումարը, զայն կը շնորհէ աչքի զարնող գործերու հեղինակներուն:

Խորհրդային իրականութեան մէջ եւս հայ գիտնականները շարունակեցին իրենց նպաստը բերել ռուս գիտութեան: Ասոնցմէ շատերը ծանօթ անուններ են ոչ միայն Խորհրդային Միութեան մէջ, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս եւս: Այս պատկառելի գիտնականներուն շարքին կը պատկանին յայտնի երկրաբան Վարդան Նաւակատիկեան, ճանչցուած` Վարդան Լոդոշնիկով անունով, իր բիւրեղեայ-տեսողութեան հետազօտութիւններով յայտնի Լեւոն Վարդանեանց եւ երկրաբնագիտութեան հարցերու մասնագէտ Նիքոլայ Խիտարով (Մխիթարեան), որ արժանացած է Խ. Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի ամէնէն բարձր պարգեւին` Վերնադոկի մրցանակին:

Վերջապէս, ռուս գիտութեան իր կարեւոր  նպաստը բերած է Փաւլովի աշակերտը` ակադեմական Լ. Օրբէլի, վաթսուն տարի ապրելով եւ գործելով Լենինկրատի մէջ եւ հիմը դնելով բնախօսներու միջազգային դպրոցին:

Չմոռնանք աւելցնելու Վ. Համբարձումեանին անունը` իր բերած կարեւոր նպաստին համար:

Ա. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 5 ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

ՀՆԴԻԿ ԱՍՏՂԱԳԷՏՆԵՐԸ ՄԵԾ ԱՂԷՏ ՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ

ՆՈՐ-ՏԵԼՀԻ, 13 (ԱՖՓ).- Բազմաթիւ հնդիկներ ահ ու սարսափի մէջ կ՛ապրին, որքան կը մօտենայ փետրուար ամիսը, որովհետեւ երկրին աստղագէտները, գուշակած են, որ ահաւոր աղէտներ պիտի պատահին յառաջիկայ ամիս:

Արդարեւ, փետրուար 5-ին պիտի պատահի ութ մոլորակներու չափազանց հազուադէպ շաղկապում մը եւ արեւի խաւարում մը: Աստղագէտներուն համաձայն, վերջին անգամ եօթը մոլորակներ շաղկապուած են նախաքրիստոնէական շրջանին:

Այդ շրջանին է, որ պատահեցաւ մեծ պատերազմը, որմէ ծնունդ առաւ «Միզոքոնար» դիւցազնավէպը: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ մեռան Քարուքշեթրայի ռազմադաշտին վրայ, որ Նոր-Տելհիէն 80 քմ. հեռու կը գտնուի: Այս նշանաւոր  դիւցազնավէպին մէջ է, որ կը գտնուի հռչակաւոր «Պաղվա»-ն, բոլոր հնդիկներուն կրօնական քերթուածը, որ հիմնուած է իմաստութեան վրայ:

Կարգ մը աստղագէտներ մինչեւ իսկ կը նախատեսեն աշխարհի վախճանը փետրուար 5-ի համար: Հարցը այնքան լուրջի առնուած է, որ 1959-ին արդէն «Ասթրոլոճիքըլ Մեկըզին»ը Պենկալարի մէջ կազմակերպած էր դասախօսութիւն մը` «Ութ մոլորակներու շաղկապման եւ համաշխարհային հարցեր»ու մասին: Ընտրական վերջին ճառերու ընթացքին, Հնդկաստանի վարչապետ Նեհրու ակնարկած էր այդ գուշակութիւններուն եւ` ըսած թէ չի հաւատար, որովհետեւ Հնդկաստանի ճակատագիրը իր զաւակներու ձեռքին մէջ կը գտնուի: Բայց այս խօսքերը արգելք մը չեն, որ բազմաթիւ հնդիկներ վախնան: Արդէն իսկ բոլոր աղէտները, ինչպէս երեք օր առաջ Փերուի մէջ պատահածը, կը վերագրուին այս շաղկապման եւ կը նկատուին ահաւոր նախանշաններ:

Մինչեւ հիմա միակ օգտուողները աստղագէտներն են, որոնք ոսկի կը կտրեն։

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՎԱՂԸ` ՈՒԱՖԱ ՆԱՊԻ ՇԻԹ – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

ԿԱՊԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆ. ԿԱՊԻԿՆԵՐՈՒՆ ԿԱՆՉԵՐԸ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՆ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.