Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Կառչած Կը Մնանք ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան, Իսկ Զայն Փոփոխութեան Ենթարկելու Որեւէ Փորձ Կը Նկատենք Շրջանին Ապահովութեան Սպառնացող Կարելիութիւն»

July 23, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող տարբեր տագնապներ:

Պլոքը զարմանք յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւններուն մասին:

Պլոքը ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` դրուատելով լիբանանեան բանակին հետ անոր գործակցութիւնը, նաեւ   ընդգծելով, որ Իսրայէլ միակ կողմն է, որ կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը եւ ոչ մէկ յանձնառութիւն կը ցուցաբերէ այդ բանաձեւը կիրարկելու առումով:

«Կառչած կը մնանք  ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, իսկ զայն փոփոխութեան ենթարկելու որեւէ փորձ կը նկատենք շրջանին ապահովութեան սպառնացող կարելիութիւն», հաստատեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը:

Պլոքը կոչ ուղղեց կառավարութեան` ստանձնելու իր պարտականութիւնները եւ իր իշխանութիւնը բանեցնելու երկրին վրայ: «Քորոնա» համաճարակի տարածումին իբրեւ հետեւանք, պլոքը կոչ ուղղեց առողջապահութեան նախարարութեան եւ մնացեալ բոլոր նախարարութիւններուն` խստացնելու հանրային վայրերուն մէջ տիրող պայմանները եւ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւններուն Յապաղումը Կրնայ Պատճառ Դառնալ, Որ Լիբանան Այդ Ընտրանքէն Չօգտուի»

Յաջորդը

Ըստ «Արապիա»-ի, Մաքրոն Լիբանանի Օժանդակութեան Ամբողջական Ծրագիրի Մասին Պիտի Յայտարարէ

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.