Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւններուն Յապաղումը Կրնայ Պատճառ Դառնալ, Որ Լիբանան Այդ Ընտրանքէն Չօգտուի»

July 23, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ հաստատեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի այն մօտեցումը, թէ չէզոքութեան յղացքին մօտեցումը պէտք է ըլլայ լիբանանեան ներքին միասնականութեան եւ արտաքին հովանաւորութեան հիման վրայ:

Համախմբումը ողջունեց կառավարութեան որոշումը, որուն հիման վրայ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները դատական հաշուեքննութեան պիտի ենթարկուին: «Այդ որոշումը հիմնական նախապայման է բարեկարգումները իրագործելու եւ անոր հիման վրայ Միջազգային դրամական ֆոնտին ու միջազգային հաստատութիւններուն հետ յարաբերութիւն մշակելու»:

Համախմբումը զգուշացուց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն յապաղումէն` ընդգծելով, որ անիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ Լիբանան այդ ընտրանքէն չօգտուի:

Համախմբումը մտավախութիւն յայտնեց, որ ոմանց շահերուն կը ծառայէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի բանակցութիւններուն կրելիք ձախողութիւնը:

Ան անհրաժեշտ նկատեց հանրային ծառայութեան մարզին մէջ գործողներուն հաշիւներուն ստուգումը արտօնող օրէնքին վաւերացումը, որովհետեւ անիկա հնարաւորութիւն կու տայ փտածութեան դէմ պայքար ծաւալելու, ինչպէս նաեւ թափանցիկութիւն պարտադրելու:

Համախմբումը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` վաւերացնելու այդ օրինագիծը, որ բարեկարգումներու գործադրութեան պիտի նպաստէ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Կառչած Կը Մնանք ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան, Իսկ Զայն Փոփոխութեան Ենթարկելու Որեւէ Փորձ Կը Նկատենք Շրջանին Ապահովութեան Սպառնացող Կարելիութիւն»

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.