Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Պայքարելու Նախազգուշութիւնները Պէտք Է Խստացնել, Իսկ Երկիրը Փակելու Որոշում Չկայ

July 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2980-ի, Մահուան Պարագաներունը` 41-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1577-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2980-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 75 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 63-ը տեղացիներ, իսկ 12-ը Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 41 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1577 ուրիշներ` ապաքինած:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանցիներուն` խստացնելու նախազգուշական իրենց քայլերը` առաջքը առնելու համար համաճարակին արագ տարածումի հաւանականութեան:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ բոլոր հաստատութիւններուն, վաճառատուներուն, ճաշարաններուն, սրճարաններուն եւ պանդոկներուն` կառչած մնալու նախազգուշութիւններուն` հականեխումի կարելիութիւններուն, քթակապի պարտադիր գործածութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանում:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ նախազգուշութիւնները պէտք է խստացնել` կանխարգիլելու համար ընկերային տարածումի փուլին հասնելու հաւանականութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է մեկուսացումի ենթարկուի` փրկելու համար ինքզինք եւ իր շրջապատը:

Համատ Հասան լուսարձակի տակ առաւ քթակապ կրելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ այդ իմաստով որդեգրուած տուրքի դրութիւնը` 50 հազար լ. ոսկի, պիտի գործադրուի ոեւէ մէկուն կողմէ քթակապ չկրելու պարագային:

Համատ Հասան շեշտեց, որ երկիրը դարձեալ փակելու որոշում չկայ:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ հերքեց իրեն վերագրուող այն տեղեկութիւնները, թէ ինք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

Ընկերային ցանցերու վրայ կատարած իր գրառումին մէջ Ապիատ յայտնեց, որ ինք եւ իր ընտանիքը լաւ ու առողջ վիճակի մէջ են եւ, բոլոր քաղաքացիներուն նման,  նախազգուշութիւններու դիմելով կ՛ապրին իրենց առօրեան:

 

Նախորդը

Սլէյման Ֆրենժիէ Այցելեց Նեժիպ Միքաթիի

Յաջորդը

«Շինիչ Աշխատանքը Համագործակցութեան Մէջ Է» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.