Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քանատան Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուժի Կիրարկման Չդիմելու Եւ Զինադուլը Յարգելու» Կ՛ըսէ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

July 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հնդկաստան Մտահոգ Է Հայաստան-Ազրպէյճան
Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեամբ

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն յայտարարութեամբ մը անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքի իրադարձութիւններուն:

Քանատական դիւանագիտութեան պետը նշած է. «Քանատան մտահոգ է հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին գործադրուած բռնութիւններուն նկատմամբ:

«Քանատան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ միատեղ վճռականօրէն երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` ուժի կիրարկման չդիմելու, զինադուլի դրութիւնը յարգելու եւ քաղաքացիները պաշտպանելու:

«Այս տագնապին հանգուցալուծումը պէտք է հաշուի առնէ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրը, մասնաւորաբար` ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները»:

Միւս կողմէ, Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Շրի Անուրակ Շրիվասթավայ յայտարարեց. «Մենք հետեւած ենք 12-էն 13 յուլիս հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ փոխադարձ կրակոցի մասին տագնապալի լուրերուն: Հնդկաստան մտահոգ է շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար սպառնալիք հանդիսացող այդ իրավիճակով:

«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ ձեռնարկելու կարելի բոլոր քայլերը` սահմանային խաղաղութեան պահպանման համար: Հնդկաստանը հաւատացած է, որ տագնապի որեւէ տեւական լուծման կարելի է հասնիլ միայն խաղաղ ճամբով` դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցով:

«Այդ առնչութեամբ մենք կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շարունակական ջանքերուն` ուղղուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի խաղաղ լուծման»:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հսկողութեան հարցերով համազեկուցող Քիմօ Քիլիունեն եւ Ազրպէյճանի հարցով համազեկուցողներ Սթեֆան Շենախ եւ Ռաճըր Կէյլ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Մենք երկու երկիրներուն կը յիշեցնենք, որ խաղաղութեան խթանումը այն պարտաւորութիւնն է, որ անոնք ստանձնած են Եւրոպական խորհուրդի անդամ դառնալով: Հետեւաբար, մենք զանոնք կը յորդորենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու իրավիճակի ապասրման համար եւ զերծ մնալու սադրող հռետորաբանութենէն: Միեւնոյն ատեն երկու երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ խաղաղ բանակցութիւնները վերսկսելու այն կարգով, որ նշուած է համանախագահներու կողմէ իրենց 15 յուլիսի յայտարարութեան մէջ, որ է` խաղաղութեան հոլովոյթի մթնոլորտի ստեղծում, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման շուրջ բանակցութիւններու կատարում եւ ԵԱՀԿ-ի դէտերու վերադարձը շրջան»:

 

Նախորդը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Շտապ Կերպով Դադրեցնելու Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տագնապի Սրումը

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Մէջ Ազրպէյճանցիները Յարձակած Են Հայաստանի Դեսպանատան Վրայ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.