Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Ռմբակոծէ Քաղաքացիներու Բնակարաններ Եւ Կառոյցներ. Հետախուզական – Ներթափանցման Փորձ Մը Եւս` Ձախողած

July 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 յուլիսին ժամը 00:15-էն հաստատուած փխրուն զինադադարը երկար չտեւեց. արդարեւ, 15 յուլիսին ազրպէյճանական կողմը կատարեց սահմանային կոպիտ խախտում մը` հետախուզական-ներթափանցման փորձով մը, իսկ աւելի ուշ ռմբակոծելով քաղաքացիներու բնակարաններ եւ կառոյցներ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ 15 յուլիսի լուսցող գիշերը ժամը 3:40-ի շուրջ Հայաստանի զինուած ուժերու սահմանապահները նկատած են թշնամիի շարժում: Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան, հայկական ստորաբաժանումները կանխած են հակառակորդի հետախուզական-ներթափանցման փորձը:

Թէժ մարտէ ետք հակառակորդը, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած է: Այնուհետեւ ազրպէյճանական ստորաբաժանումները ժամը 5:20-ին սկսած են ռմբակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը: Հայաստանի զինուած ուժերուն ստորաբաժանումները չէզոքացուցած են ազրպէյճանական ուժերու սադրանքները: «Հայկական ստորաբաժանումները խոցած են թշնամիի հրետանի, հրետանային եւ ականանետային մարտկոցներու  կրակային դիրքեր, որոնցմէ կը հրետակոծուէին մեր բնակավայրերն ու դիրքերը», յայտնեց ան:

Օրուան ընթացքին թշնամին ունեցած է մարդկային ու նիւթական վնասներ, սակայն հայկական կողմին վնասները հիմնականին մէջ նիւթական եղած են, Ազրպէյճանի մարտական անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն վիրաւորուած է Չինարի գիւղի 48-ամեայ բնակիչ մը` Արամայիս Յովակիմեան, որուն վիճակը կայուն է:

«Ազրպէյճանը, նորէն խախտելով մարտական գործողութիւններու եւ կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը, կը կիրարկէ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, այդ կարգին` նաեւ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Կը զգուշացնենք, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու առաւօտեան դիակներու թիւը կրնայ խիստ աւելնալ», յայտնեց Շուշան Ստեփանեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերքեց ազրպէյճանական կողմին տարածած այն տեղեկատուութիւնը, թէ 16 յուլիսին Հայաստանի զինուած ուժերուն պատկանող X-55 անօդաչու սարք խոցուած է: Նշուեցաւ, որ այսպիսով թշնամին կը փորձէ մեղմացնել իր զինուորական համակարգերու եւ մարդկային կորուստները:

16 յուլիսին Իջեւանի ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանի հրամանատարական բաժինի պետ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ երեկոյեան մարտերը արդէն հանդարտած են, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանագօտիներուն ուղղութեամբ իրավիճակը կը մնայ հանգիստ: Ան աւելցուց, սակայն, որ դէպքերը կրնան շուտով փոխուիլ, այդ պատճառով ալ հայկական կողմը միշտ պատրաստ եւ զգօն վիճակի մէջ է:

Ան հաստատեց, որ Ազրպէյճան զգալի թիւով կորուստներ տուաւ. «Մենք փաստացի այս պահուն նկարներով ունինք տասը դիակի դուրսհանման ապացոյց», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, անոնք եղած են յատուկ նշանակութեան ուժերը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները եւս հաստատած էին, որ կը գործէ «Եաշմա» ջոկատը, որ, Յովհաննիսեանի համաձայն, յատուկ նշանակութեան ջոկատներէն մէկն է, որուն հիման վրայ կը պատրաստուին ընդհանրապէս Ազրպէյճանի յատուկ նշանակութեան զօրքերը: Այլ խօսքով` անիկա ընտրանի ստորաբաժանում է: Յովհաննիսեան շատ տրամաբանական նկատեց, որ ազրպէյճանական երրորդ բանակային զօրախումբի եւ սահմանապահ ծառայութեան զօրքերու` իրենց մարտական խնդիրը լուծել չկարենալէ ետք գործի լծուի ընտրանի ստորաբաժանում` նախագահի բարձրագոչ յայտարարութիւններէն ետք:

Աւելի ուշ Շուշան Ստեփանեան տեղադրեց լուսանկարներ եւ տեսանիւթ, ուր կ՛երեւին ազրպէյճանական զինուած ուժերու զինուորներուն դիերը եւ ինչպէ՛ս թշնամին հայկական կողմին արտօնութեամբ զոհերը կը տեղափոխէ:

Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու հարուածային անօդաչու սարքը հարուածած է մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող` Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ինքնաշարժը` առանց մարդկային զոհեր պատճառելու:

Ան նաեւ խօսեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ զօրամասերու մօտ հաւաքուող նախկին ազատամարտիկներու, նախկին զինուորականներու, բժիշկներու մասին, որոնք իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն մեկնելու մարտական դիրքեր` ծառայութիւն կատարելու: Ան շեշտեց, որ տակաւին նման անհրաժեշտութիւն չկայ:

Նոյն հաստատումը կատարեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց քաղաքացիներուն` հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան գործին աջակցելու պատրաստակամութեան համար` բայց եւ այնպէս դիտել տալով, որ «մեր ժողովուրդի անկոտրում ու մշտապէս պայքարի պատրաստ հայրենասէրներու այդ կորիզի` երկրապահներու, ազատամարտիկներու եւ առանձին քաղաքացիներու կամաւորագրման անհրաժեշտութիւն այս պահուն չկայ»:

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան խօսեցաւ ռմբակոծումին իբրեւ հետեւանք տուներուն հասած վնասին մասին` դիտել տալով, որ կայ գոյքի եւ շինութեան վնասի 51 դէպք: Այգեպարի մէջ նաեւ մանկապարտէզ մը վնասուած է` աւելցնելով, որ վնասուած են նաեւ ենթակառոյցներ, երթեւեկի միջոցներ, ընտանի անասուններու յատուկ շինութիւններ եւ այլն:

Մարզպետը հաստատեց, որ վերականգնման աշխատանքները անմիջապէս պիտի սկսին, մինչ այդ ապահովուած է բնակիչներուն կեցութեան վայրը եւ ապրուստի խնդիրը:

Միւս կողմէ, Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի բաժինէն յայտնեցին, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման, Ժընեւի ուխտերու պահանջներուն եւ  միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները կոպտօրէն խախտելու, խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ ծանր հրետանային համակարգով, ականանետերով եւ այլ զինատեսակներով  կրակոցներ արձակելու փաստերով Հայաստանի քննչական կոմիտէին մէջ յարուցուած է 30 քրէական գործ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Մենք Պէտք Է Ամրացնենք Մեր Բազուկներն Ու Ոտքերը Եւ Ամուր Կանգնինք Այս Հողի Վրայ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Յուլիս 2020)

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.