Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը` Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Ազրպէյճանական Յարձակումին Վերաբերեալ

July 16, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Կիրակի, 12 յուլիս 2020-ին ազրպէյճանական ուժերը փորձեցին ու ձախողեցան Հայաստանի հիւսիս արեւելեան սահմաններ ներթափանցել. այդպիսով անոնք բռնութեան մագլցում կատարեցին եւ երկու կողմերէն 15 զինուորներու մահուան պատճառ դարձան: Ազրպէյճան նաեւ ռմբակոծեց հայկական չորս սահմանային գիւղեր ու քաղաքներ, մինչեւ իսկ հարուածելով գործարան մը, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակի դէմ պայքարելու համար դիմակներ կը պատրաստէր: Այսօր, եռօրեայ կռիւներէ ետք, սահմանային բախումները դադրած են:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը շարունակեն կացութիւնը մագլցումի մղելու իրենց յարձակողական քաղաքականութիւնը` հակառակ «ՔՈՐՈՆԱ»¬ի համաճարակին ու ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի անցեալ շաբթուան որոշումին` առնուազն 90 օրով համաշխարհային զինադադարի վերաբերող:

Թշնամական արարքները սկսան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ միջազգային միջնորդութիւնը, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի ջանքերն ու Հայաստանի հետ ընթացող բանակցային հոլովոյթը «անիմաստ» կոչելէն եւ Հայաստանին պատերազմով սպառնալէն ետք:

«Ազրպէյճանի ռազմատենչ ու նախայարձակ քաղաքականութեան բնոյթը կ՛ընդգծուի ոչ միայն անոր յայտարարութիւններով ու հայատեաց վերաբերումով, այլ նաեւ Թուրքիոյ հետ անոր ռազմավարական գործընկերութեան ճամբով: Ազրպէյճանական բանակին` Հայաստանի հանրապետութեան վրայ շղթայազերծած յարձակումին ամբողջական աջակցութիւն յայտնող Թուրքիոյ ղեկավարութեան հրապարակային յայտարարութիւնները իրողութիւնները կ՛աղաւաղեն եւ դատապարտելի են: Դժբախտաբար, թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն կը շարունակեն Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքել, այլ նաեւ կ՛ոտնահարեն Լիպիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, կը սպառնան արաբական աշխարհի ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ բարձրաձայն ու գործնական կերպով կը քաջալերեն գերիշխան պետութեան մը վրայ զինուորական յարձակում մը եւ կը սպառնան Հայաստանի քաղաքացիներու ֆիզիքական ապահովութեան:

Ազրպէյճան նաեւ օգտագործեց իսրայէլեան արտադրութիւն եղող հարուածային անօդաչու սարքեր, որոնք վար առնուեցան հայկական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ: Ազրպէյճանի Իսրայէլի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը բազմազան է եւ կը ներառէ պաշտպանութեան, երկրագործութեան, բարձր ճարտարագիտութեան, առողջապահութեան եւ զինուորական¬թեքնիք գործընկերութեան ոլորտները: Հարկ է ընդգծել, թէ Իսրայէլ Ազրպէյճանի քարիւղի գլխաւոր ու ռազմավարական յաճախորդներէն մէկն է: Նոյն ատեն, իսրայէլացի մասնագէտներ երկար տարիներէ ի վեր կը գործեն Ազրպէյճանի տարբեր մարզերուն մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը դատապարտէ Հայաստանի հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան այս ոտնահարումը եւ միջազգային ընտանիքին ու Արաբական աշխարհին կոչ կ՛ուղղէ` այս յարձակումին հեղինակ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու եւ յստակ դարձնելու, թէ համաշխարհային ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ բռնի ուժի կիրարկումը անհետեւանք պիտի չմնայ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 12-րդ Առցանց Լսարան. «Ինքնութեան Յղացքի Տարբերութիւններ Կան Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.