Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Նշէ. Ազրպէյճանը Սպառնալիք Է Շրջանային Անվտանգութեան

July 15, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական զինուած ուժերու` 12 յուլիսէն ի վեր նախաձեռնած եւ տակաւին շարունակուող ռազմական սադրանքը, ներթափանցման փորձերը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին մէջ ծանր հրետանիի գործադրումը: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրավիճակը սրելու եւ զինադադարը խախտելու իրենց յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը` հակառակ համաճարակին եւ անցած շաբաթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` 90 օրով համընդհանուր զինադադար հաստատելու մասին ընդունած որոշման:

Այս տարուան մայիսին Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մօտ լայնածաւալ ռազմափորձերէն, Բերքաբեր գիւղի հրետակոծութենէն ետք, Ազրպէյճանը այժմ ալ կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` օգտուելով «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն: Դատապարտելի է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, ուր, փաստերը խեղաթիւրելով, հրապարակայնօրէն իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական բանակի սադրիչ գործողութիւններուն: Թրքական եւ ազրպէյճանական իշխանութիւնները երկար տարիներէ ի վեր կը համագործակցին` Հայաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն եւ տնտեսապէս մեկուսացնելու համար: Ցաւօք, թրքական իշխանութիւնները ո՛չ միայն կը շարունակեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը հրաժարին անցեալէն դասեր քաղել, այլ նաեւ աշխուժօրէն կը քաջալերեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ֆիզիքական անվտանգութեան սպառնացող ռազմական յարձակողապաշտութիւնը:

Իբրեւ եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւն` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան, անոր հաստատութիւններուն եւ անդամ երկիրներուն խստօրէն դատապարտելու ատելութեան խօսքի տարածման եւ արցախեան տագնապին ռազմական լուծում պարտադրելու որեւէ փորձ: Անցած ամիսներուն ընթացքին ազրպէյճանական իշխանութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակաբար կ՛աղաւաղէին եւ կը շահարկէին Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերու բովանդակութիւնը` այդպիսով փորձելով հող նախապատրաստել ռազմական յարձակումի համար: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս յայտարարած է արցախեան տագնապի զինուորական լուծման կարելիութեան մասին: Հայատեացութեան քաջալերումը արդէն տասնամեակներ շարունակ Ազրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութիւն եւ երկրի ներքին խնդիրներէն շեղելու միջոց է:

Մեկնաբանելով իրավիճակը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս Հայաստանը կը պայքարի համավարակին դէմ: Բացի ատկէ, այժմ ստիպուած է նաեւ կասեցնել ազրպէյճանական ռազմական յարձակումը: Ցաւօք, այսօր Ազրպէյճանը սպառնալիք է շրջանային անվտանգութեան համար: Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ իր դրացնութեան երկիրներուն մէջ խաղաղարարի դեր կատարել, ապա պէտք է ատելութեան խօսքի դէմ յստակ միջոցներու ձեռնարկէ, այն է` յստակօրէն նշէ, որ Ազրպէյճանն է յարձակողը: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է նաեւ Թուրքիան ենթարկէ պատժամիջոցներու` այլատեացութեան քարոզի եւ Հայաստանի` ինքնիշխան պետութիւն եւ Եւրոպական Միութիւն գործընկեր երկրի դէմ զինուորական յարձակումներուն  սատարելուն համար»:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Նաղդալեան. «Բնակչութեան Դէմ Ուղղուած Յարձակողապաշտ Գործողութիւնները Պիտի Ստանան Իրենց Համարժէք Պատասխանը»

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահ. «Խոնարհումս Իրենց Կեանքը Հայրենիքին Ու Ժողովուրդին Նուիրաբերած Բոլոր Հերոսներու Յիշատակին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.