ՕԹԱՆ կոչ ուղղեց` անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկելու հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ հետագայ լարումը կանխելու համար: Այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ գրեց Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ապաթուրայ:
«Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանային զարգացումներուն, որոնց ընթացքին կ՛օգտագործուին ծանր զինատեսակներ եւ մարդիկ կը զոհուին: Մենք կը միանանք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կոչին, որ բոլոր կողմերուն ուղղուած է, անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկելու` հետագայ լարումը կանխելու համար», նշեց Ապաթուրայ:



