Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին, իրարու դէմ մրցեցան՝ Նոա եւ Արարատ-Արմենիա:
Նկատի ունենալով որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 5-5 արդիւնքով, այդ մէկը պատճառ դարձաւ որ մրցումին յաղթականը վճռելու համար դիմուի անխուսափելիին՝ փենալթի-ներուն:
Յաղթելէ ետք Արարատ-Արմենիային, այսպիսով Նոա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Հայաստանի բաժակակիր:
Այս մրցումին ներկայ եղաւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Խոաքին Քափարոս:



