ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Ազատուհի, Ժաք եւ Ռոպեր Գայսէրլեաններ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդին, նախարարներուն, երեսփոխաններուն, լիբանանահայ մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հայկական մամուլին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռակայ կարգով` ե-նամակով, հեռաձայնով, ընկերային ցանցերու միջոցով, ցաւակցագիրով, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր` ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳԱՅՍԷՐԼԵԱՆի մահուան սուգին:
————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Երանուհի Գայսէրլեանի մահուան քառասունքին առիթով, որ կատարուեցաւ կիրակի, 12 յուլիս 2020-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, հանգուցեալին հարազատները` Ազատուհի, Ժաք եւ Ռոպեր Գայսէրլեաններ կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի ֆոնտին 3.000.000 լ. ո.
– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 1.000.000 լ. ո.
– ՔԱՀԼ-ին 1.000.000 լ. ո.
– Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ սկաուտներու միութեան 500.000 լ. ո.
– ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղին 500.000 լ. ո.
– ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղին 500.000 լ. ո.
– «Զարթօնք» օրաթերթին 300.000 լ. ո.
– «Արարատ» օրաթերթին 300.000 լ. ո.
– «Ծաղիկ»-ին 200.000 լ. ո.
– «Խօսնակ»-ին 200.000 լ. ո.
– «ՔԱՀԼ տեղեկատու»-ին 200.000 լ. ո.
ԾԱՆՕԹ.- Նուիրատուութեան գումարները ստանալու համար դիմել` հեռաձայնելով թաղապետ Ռոպեր Գայսէրլեանին, 70-993268 թիւին: