Փենթակոն յայտնեց, որ անցեալ տարի Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն` ռուս պաշտօնատարներու հետ կայացած կանոնաւոր հանդիպումներուն իրազեկ է:
Մեկնաբանելով քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտիի` Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու հրամանատար Ալեքսանտր Չայքոյի հետ հանդիպումը, Փենթակոն ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ մասնակից չեն այդպիսի ժողովներու, եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն յայտնած են, թէ ատիկա իրենց գիտնալիքն է»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ իր գործընկերութիւնը` աւելցնելով, որ ատիկա «ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պատերազմին մէջ վճռորոշ ուժ էր եւ տակաւին է»:
Փենթակոն յայտնեց, որ «ՏԱՀԵՇ¬ի մնայուն պարտութիւնը երաշխաւորելու համար» Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ առօրեայ համակարգում տեղի կ՛ունենայ, «ներառեալ խմբաւորումը կենսական ներուժի հասանելիութենէն զրկելու համար»:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու հրամանատար Ալեքսանտր Չայքոյի հետ` «քննարկելու համար շարք մը հարցեր, ներառեալ` Թուրքիոյ կողմէ 23 հոկտեմբերի համաձայնութեան խախտումները»:
Ապտի «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Համաձայնութիւն գոյացաւ համակարգումի եւ հասարակաց աշխատանքի մակարդակը բարձրացնելու շուրջ»:
Ան Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու հրամանատարին շնորհակալութիւն յայտնեց` «մարտահրաւէրներու դիմակայման նպատակով աշխատելու դրական ընկալումին համար»:



