Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան. «Կ՛ուղղուինք Տուգանելու Առողջական Մեկուսացման Պայմանը Խախտողները»

July 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Հասաւ 2082-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2082-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 71 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 67-ը տեղացիներ են, իսկ 4-ը Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուած պարագաներ մահացած են:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ մարդոց խիղճին վստահելու յոյսը ի դերեւ ելած է, հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը կ՛ուղղուի պաշտօնապէս տուգանելու բոլոր անոնք, որոնք առողջական մեկուսացման պայմանը կը խախտեն:

Հասան շեշտեց, որ այս առումով ծանր տուրք պիտի պարտադրուի, ինչպէս նաեւ օրինական քայլերու պիտի դիմուի անոնց համար, որոնք Պէյրութ կը հասնին եւ մեկուսացման պայմանը չեն լրացներ, որովհետեւ անոնց անպատասխանատու վարուելակերպին պատճառով Լիբանանի ազգային առողջապահութիւնը եւ քաղաքացիական ապահովութիւնը կը վտանգուի:

Միւս կողմէ, Հասան նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց նախարարութեան անձնակազմի նիստին, որուն ընթացքին ան կոչ ուղղեց` անջատելու երկրին դիմագրաւած ելեւմտական ծանր պայմանները եւ իրենց մարդասիրական առաքելութենէն, որպէսզի այս փուլին կարելի ըլլայ յաղթահարել ամէնէն դժուար մարտահրաւէրները եւ պետական թէ սեփական առողջապահական մարզը քաջալերել աշխատելու:

Հասան հաստատեց, որ ոչ ոք անօթութենէ պիտի մեռնի, սակայն առողջապահական ծառայութիւններ չմատուցուելու պարագային` քաղաքացին լուրջ վտանգի կրնայ ենթարկուիլ, «հետեւաբար այս առաքելութենէն պէտք չէ հեռու մնալ, այլ պէտք է յոյս ներշնչել նախարարութեան աշխատանքին, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել այս բարդ փուլը», ըսաւ ան:

Նախարար Հասան շեշտեց, որ քաղաքացիները ամէնէն աւելի նեղացնող ճշմարտութիւնը մսխումի եւ ելեւմտական յանցագործութիւններու մասին խօսիլ է:

Ան հաստատեց, որ նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին առողջապահութեան նախարարութեան իւրայատուկ եւ միացեալ փորձառութիւնը պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատած է, որովհետեւ նախարարութիւնը իր վարչական, գումակային, գործնական, գիտական ու ելեւմտական անձնակազմերով յաջողած է յանձնառութիւն ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ յստակութեամբ եւ թափանցիկութեամբ գործել` ուսանելի օրինակ ծառայելով բոլորին:

 

Նախորդը

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (5)

Յաջորդը

«12 Առաքեալները՝ Սուրբե՞ր կամ Մեղաւորներ»

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.